ԳՐԻԳՈՐ ԱՐՔ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Կեանքի ընթացքին պատահող դժուարութիւնները միշտ մտահոգութեան կը մատնեն զանոնք կրող ենթակաները: Մտահոգութիւնները անցեալէն աւելի ապագային կը պատկանին, երբ զանոնք կրողներուն մտքին մէջ անցեալի յիշողութիւններէն աւելի, կեանքի ապագայ ժամանակաշրջանը կը դառնայ մտահոգութեան հիմնական աղբիւրը:
Մթութիւնը կարելի է իբրեւ առաջին նմանութիւնը ներկայացնել վերոյիշեալ իրավիճակին ենթարկուածներու կացութեան, որ անշարժութեան, ու զգուշաւոր դրութեան կը մատնէ նման անձեր: Յանկարծ մթութեան մէջ յայտնուած մարդոց դանդաղ ու մօտիկ առարկաները որոնելու շարժումները փաստացի տուեալներ են, թէ ինչո՞ւ անոնք կը զգուշանան տեղ մը զարնուելէ, ու վիրաւորուելէ:
Հակառակ վերոյիշեալ իրավիճակին, մութին մէջ յանկարծ յայտնուող իւրաքանչիւր անձ միշտ պատրաստակամութիւն կ՛ունենայ եւ միջոցներու կը ձեռնարկէ դուրս գալու այդ կացութենէն, այսինքն վերստին լոյսին գալու ջանք չի՛ խնայեր: Մթութիւնն անգամ արգելք չի՛ կրնար հանդիսանալ մարդկային շարժման, որ նախնադարեան ժամանակներուն չէ կրցած անշարժութեան մատնել մարդ էակը, որ նոյնիսկ կրակի բոցավառմամբ միջոցներ ստեղծեր է անոնց բարւոք գործունէութեան համար:
Հոգեկան ու մտային տկարութիւնը արգելքներ են վերոյիշեալ շարժումներու կիրառման: Վերոյիշեալներուն պատճառած վախը կը նմանի թաղման ենթարկուելու կացութեան, որ հողին տակ մնալու եւ փտելու վիճակին նմանութիւնը ունի: Վախն անգամ արգելք է կեանքին: Անձնասպանութեամբ կեանքին վերջ դնող անհատներուն հիմնական պատճառը վախն է, որ իւրաքանչիւր անձի պարագային կրնայ տարբեր բնոյթ ունենալ:
Մթութեան տեսակներն ալ իրարմէ կը տարբերին: Այսպէս, երբ քու հարազատ տանդ մէջ յանկարծ մութ կը պատէ, բնականօրէն կը գիտնաս տանդ առարկաներուն ո՞ւր ըլլալը, ինչպէ՞ս տեղադրուած ըլլալը, ինչպէս նաեւ վտանգաւոր իրերու դասաւորման ձեւը, ու մանաւանդ գիտես թէ ինչ ուղղութեամբ պիտի շարժիս: Այդ բոլորին տեղերը իմանալով, զգուշաւոր քայլերով կը յառաջանաս, մինչեւ լուցկիին կամ լուսարձակին գտնուած վայրը հասնիլդ. իսկ եթէ մթութեան մէջ յայտնուիս այնտեղ, ուր առաջին անգամ ներկայ կը գտնուիս, շատ աւելի դանդաղ եւ գրեթէ կոյրի մը շօշափումներով կը յառաջդիմես, իւրաքանչիւր քայլափոխին վախնալով սխալ շարժումներէդ:
Մթութեան մէջ թաղուելու վախը վերացական իմաստ ունի: Իւրաքանչիւր անձ կրնայ երեւակայական այս դրութիւնը պատկերացնել, երբ խոր մթութեան մատնուի: Կոյրի մը հոգեբանութիւնը անկարելի է ամբողջովին հասկնալ, առանց կոյր ըլլալու: Չտեսնելու գաղափարը երբեք կարելի չէ կուրութեան նմանցնել, երբ աչքերը փակելու արարքը ամբողջական մթութեամբ չի պատեր մեր տեսողութիւնը: Նոյնիսկ մթութեան մէջ թեթեւակի լոյսի զգայնութիւն մը կ՛ունենանք բոլորս, որովհետեւ միայն կոպերու ծածկոյթը պատճառ կը դառնայ մեր «կուրութեան». մինչդեռ ֆիզիքական աչքերու տեսողութիւնը ամբողջովին կորսնցուցած մարդիկ այնպիսի մթութեան վարագոյրի ետին կը գտնուին, որ լոյսի գաղափարն իսկ մոռցած կ՛ըլլան: Գաղափարներու սոյն տարբերութիւնները մեզ կը մղեն խորապէս մտածելու վերոյիշեալ կուրութեան եւ պարզապէս աչքերու կոպերը փակելու մասին, որոնց տարբերութիւնը շատ մեծ է: Աչքերը իր կոպերով փակողը կոյր մը չէ ուրեմն, այլ ժամանակաւորապէս տեսողութենէ զրկուած անձ մը միայն:
Թաղուած ըլլալու պատկերը երկակի իմաստ ունի: Որոշ մարդիկ մահուան տեսարանէն կ՛ազդուին, իսկ ուրիշներ ծաղկունքի խորհուրդով կը զօրանան: Գերեզմանատան մէջ իրենց հարազատը կամ ծանօթը հողին յանձնողներուն հոգիին մէջ անպայման պէտք է հաւատքը դեր ունենայ, ապագայ կեանքի յոյսով ապրելու համար:
Եգիպտական հնագոյն բուրգերէն սկսեալ, ցեղային որոշ դամբարաններ իրենց մէջ կրած են իրեր, երբեմն ուտելիքներ, որպէսզի միւս կեանքին մէջ արթնցող իրենց հարազատները անօթի չմնան: Աւելին, զինատեսակներ` սուրեր, աղեղներ ու նետեր տեղադրուած կ՛ըլլային, որպէսզի թաղուածները իրենց անձը պաշտպանէին յարձակողներուն դէմ: Ուրեմն, գերեզմանը բացողներուն դէմ պիտի չըլլար սոյն պայքարը, այլ միւս աշխարհին մէջ իրենց հանդիպած թշնամիներուն դէմ, որոնք կրնային վնասել իրենց անձին:
Այս կեանքին շարունակութեամբ յուսադրուած իւրաքանչիւր անձ, մահը կը համարէ ընդհանուր կեանքի սահմանին կէսը, ուր սահմանազատման զգացումէն բացի, նոր յոյսերով կը լեցուի մարդ էակին սիրտը: Ուրեմն, հողին մէջ նետուող եւ գարնան եղանակին վերածնունդ ապրող հունտին մը նման, մարդ էակն ալ վերածնունդ պիտի ապրի, սակայն այս անգամ յաւիտենական կեանքով իմաստաւորուած: Ուրեմն, գերեզման մտնելով ժամանակաւոր դադար ունենալու պահը, միայն վերստին գարնան սպասելու պահն է, նման այն ծառերուն, որոնք ոսկրացած տեսարանով կը համբերեն ձմրան եղանակին, մինչեւ գարնան բացուիլն ու իրենց վերածաղկման երանելի տեսարանը:
Ցանուիլն ու թաղուիլը պատկերաւոր նմանութիւն ունեցող տեսարաններ են, սակայն իմաստային մեծ տարբերութեամբ յատկանշուող պահեր: Ցանուող հունտն ալ արտաքնապէս տարբեր տեսարան կը ստանայ հողին տակ: Անոր մարմինն ալ արտաքին կեղեւէն կը մերկանայ, փտելու պատկերով կը կերպարանափոխուի, սակայն ներքին մաքրութեամբ, սպիտակ ինքնութեամբ նոր ինքնութիւն կը գոյացնէ, յուսադրելով ցանողը: Մշակը ջրտուքով եւ նոր ակօսներու յարմարեցմամբ ջանք չի խնայեր, որպէսզի վերընձիւղէ հատիկներուն նոր կեանքը, յոյսի նոր ալիքներով դիմաւորելու համար ամառը: Ուրեմն, հատիկները թաղուած չէին մեռելութեան պատճառով, այլ նոր կեանքով մը յաւիտենականութեան մէջ ապրելու յոյսով…:
Մարդկային կեանքի աւարտին, բոլոր մեռելները յուսադրելու հիմնական միտքը, ուրեմն, կեանքի նոր տեսակով մը յաւիտենականութեան մէջ ըլլալու գաղափարն է, որ ինքնին վերածաղկումի պայծառ տեսարանն է:
Ո՜վ հաւատացեալ մարդ, ուրեմն չես թաղուած, այլ վերածաղկման ժամանակդ կը սպասես, հունտերուն շրջազգեստը հագած: Ծաղկուն բնութեան նման, դուն ալ եղանակը պիտի զարդարես, աստուածաստեղծ աշխարհին նոր երանգ տալով: Զուր տեղը չէ, որ մահացած պատանիին դիակին առջեւ կանգնած, Յիսուս ըսաւ, որ անիկա չէ մեռած, այլ կը ննջէ: Ծիծաղի առարկայ դարձաւ Անոր խօսքը, մինչեւ մեռեալին յարութիւն տալը: Ամէն մարդ իր մահուան նախօրեակին կրնայ չհաւատալ իր յարութեան, մինչեւ ճշմարտութեան հետ դէմ յանդիման գալը:
Թաղուած ըլլալէ հեռու պիտի ըլլաս, այլ ցանուած, որպէսզի ծաղկիս եւ վերստին ապրիս: Աշնան չորցած ու անտերեւ մնացած ծառերու նման կրնաս մերկանալ այս կեանքէդ, սակայն վստահ եղիր, որ կայ շարունակութիւնը ատոր, երբ վերստին պիտի ծաղկիս: