Ատրպէյճանի նախագահական աշխատակազմի արտաքին յարաբերութիւններու բաժնի պատասխանատու Հիքմեթ Հաճիեւ այցելեց Ուաշինկթըն, ուր Սպիտակ տան բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն հետ հանդիպումներ ունեցաւ։
Հաճիեւ տեսակցեցաւ նաեւ նախագահ Ճօ Պայտընի ազգային ապահովութեան գծով աւագ խորհրդական Ճէյք Սալըվընի հետ։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Հաճիեւի շփումներուն ընթացքին օրակարգի վրայ եկան Երեւան-Պաքու հաշտութեան գործընթացին եւ Հարաւային Կովկասի ապահովական իրավիճակին վերաբերեալ հարցեր։
Քննարկումներուն ընթացքին կարծիքներ փոխանակուեցան նաեւ երկկողմանի համագործակցութեան եւ համաշխարհային օրակարգի շարք մը հարցերու շուրջ։