Մայիս 19ին, Թիֆլիսի մէջ մեծ շուքով նշուեցաւ 110րդ աւանդական Վարդատօնը` նուիրուած աշուղ Սայաթ Նովայի յիշատակին։
Ինչպէս ամէն տարի` նախ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ առաջնորդանիստ Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ, որուն յաջորդեց վարդերու զետեղում՝ եկեղեցւոյ բակը գտնուող Սայաթ Նովայի յուշաքարին առջեւ։ Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ տօնական բացօթեայ համերգ՝ Գորգասալի հրապարակին վրայ։
Ներկաները ողջունեց Վիրահայերու միութեան ատենապետուհի Մարի Առաքելովա։ Բացման խօսքով հանդէս եկան Թիֆլիսի քաղաքապետական խորհուրդի նախագահ Կիորկի Տղեմալաձէ եւ Վրաստանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Սմբատեան։

Ապա՝ հրապարակին վրայ թեւածեց 300 տարիէ ի վեր իր արդիականութիւնն ու հնչեղութիւնը չկորսնցուցած անմահ աշուղին երգն ու երաժշտութիւնը։
Ելոյթներ ունեցան Հայաստանի ազգային նուագարաններու պետական նուագախումբը, հայ եւ վրացի երգիչ-երգչուհիներ, «Վանք», «Ջէյրան», «Անի» պարային համոյթները եւ «Հայարտուն» կեդրոնի ասմունքողները։
Համերգին ներկայ էին հոծ թիւով բազմութիւն մը։