Հայկական Ցեղասպանութեան մասին Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեանց յանձնաժողովի 10 Հոկտեմբերի որոշումէն ետք, Անգարա-Ուաշինկթըն ու յարակից գիծերու վրայ տեղի ունեցող «առեւտուր»ին ի տես, անցեալի ու այսօրուան իրականութեանց քիչ թէ շատ լաւատեղեակ մարդիկ իրաւունք ունին հարց տալու, թէ գործադիր եւ օրէնսդիր իշխանութեան անդամ նահանջող «իմաստունները» իսկապէս տգէ՞տ են, թէ քաղաքականութիւն խաղալու «խաղը» իջեցուցած են յոռեգոյն մակարդակին…
Արդարութեան ի նպաստ Ներկայացուցիչներու տան յանձնաժողովի քուէարկութենէն առաջ, բայց մանաւանդ անկէ ետք, «դաշնակից» Անգարան դիմեց «Ուաշինկթընի վրայ ճնշում բանեցնելու» վրան-բաց խաղի մը, սպառնալով դժուարացնել Միջին Արեւելքի մէջ ամերիկեան ռազմաքաղաքական յառաջխաղացքը, ու աւելին՝ խորհրդարանին մէջ որդեգրեց որոշում մը, որ բանակին արտօնութիւն կու տայ յարձակում գործելու հիւսիսային Իրաքի վրայ, իբրեւ թէ հետապնդելու համար քիւրտ ընդդիմադիրներ։ Թուրքիա այս քայլերն ու սպառնալիքները կապեց Ցեղասպանութեան նկատմամբ ամերիկեան քաղաքականութեան նորագոյն հոլովոյթին։
Եւ ահա ճիշդ հո՛ս է, որ կը գծուին տգիտութեան ու արգահատելիութեան սահմանները։
Թուրքիա անցեալ տասնամեակներուն քանի՞ անգամ ներխուժած է հիւսիսային Իրաք…։ Թուրքիա իսկապէս քիւրտերը հալածելու համա՞ր է, որ աչք տնկած է Քէրքուքի եւ Մոսուլի քարիւղով հարուստ շրջաններուն, պատրաստ է քուէարկելու Իրաքի բաժանման ծրագիրներու…։ Պէտք կա՞յ յիշեցնելու, թէ Թուրքիա, Օսմանեան կայսրութեան վերջին շրջանին կապուած իր առկախեալ երազները չէ մոռցած. չէ մոռցած, որ հարիւրամեակ մը առաջ, Իրաքի յիշեալ շրջանները իր հակակշիռին տակ էին, Իրաքի հիւսիսային շրջաններու քարիւղի հանքերուն առաջին շահագործումը սկսած էր օսմանեան քարիւղի ընկերութեան հիմնումով, որ յետոյ «սահեցաւ»-գնաց անգլիացիներուն, երբ ստեղծուեցաւ Այ.Փի.Սի.ն, մինչեւ որ իրաքցիք օր մըն ալ խելամիտ դարձան եւ շահագործողներուն ըսին, որ երկրի բնական հարստութիւնները նախ եւ առաջ իրենց կը պատկանին ու ապահովուելիք շահերը պէտք է ծառայեն երկրի բնակչութեան։ Իմաստունները (չգործածելու համար իմաստակ որակումը) չե՞ն գիտեր, որ հիւսիսային Իրաքի թիւրքմէններու իրաւունքներու պաշտպանութեան դրօշին տակ, Թուրքիա անցեալ տասնամեակներուն, նաեւ ամերիկեան ու դաշնակից ուժերուն Իրաք մուտքէն ասդին, քանիցս հրապարակ նետած է հիւսիսային Իրաքի նկատմամբ իր թաքուն ախորժակները։
Եւ այս բոլորէն ետք, երբ թրքական «սպառնալիքներու» դիմաց ընկրկումի նման խաղ կը խաղցուի…
18 Հոկտեմբեր 2007