
ՎԱՆՈՒՀԻ (ՔԻԼԵՃԵԱՆ) ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ
(Ծնեալ՝ 8 Փետրուար 1949ին, Հալէպ, Սուրիա)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ կնոջ, մօր, մեծ մօր, քրոջ եւ հարազատին՝ Վանուհի Մարկոսեանի մահը, որ պատահեցաւ Ուրբաթ, 17 Մայիս 2024ին, Ուաշինկթընի մէջ։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Ուրբաթ, 7 Յունիս 2024ին, կէսօրուան ժամը 12ին, Hollywood Hills Forest Lawn գերեզմանատան Old North church մատրան մէջ, ապա թաղումը՝ նոյն գերեզմանատան մէջ։
Սգակիրներ՝
Ամուսինը՝ Յարութ Մարկոսեան (Մերիլենտ)
Դուստրը՝ Ցողիկ եւ Քրիս Հեքիմեան եւ զաւակները՝ Վան եւ Սօսէ (Մերիլենտ)
Զաւակը՝ Յովիկ եւ Քրիսթին Մարկոսեան եւ զաւակները՝ Զելլա եւ Մայլզ (Լոս Անճելըս)
Զաւակը՝ Սահակ եւ Էմըլի Մարկոսեան եւ դուստրը՝ Լէա (Շուէտ)
Եղբայրը՝ Նազար եւ Ռուբինա Գալաճեան (Թեքսաս)
Քոյրը՝ Անի Քիլուասըր (Թեքսաս)
Եւ համայն հարազատներն ու բարեկամները
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել Հայ Օգնութեան Միութեան, կամ Մերիլենտի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ։
ՎԱՆՈՒՀԻ (Քիլէճեան) Մարկոսեանի մահուան տխուր առիթով, Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ Հովիւը եւ հոգաբարձութիւնը իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնը կը յայտնեն հանգուցեալի ամուսնոյն՝ նախկին հոգաբարձու Յարութ Մարկոսեանին, զաւակներուն եւ բոլոր ընտանեկան պարագաներուն։