23 Մայիսին, Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորներ Սէյրան Օհանեան եւ Գառնիկ Դանիէլեան մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին անդրադարձան խորհրդարանի այս շաբթուան իրադարձութիւններուն:
Խմբակցութեան ղեկավար Օհանեան յայտնեց, որ «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժումը պիտի պաշտպանէ Հայաստանի քաղաքացիներուն եւ Հայաստանի շահերը, եւ թէ «մենք մեր աջակցութեամբ պէտք է զայն անշրջելի դարձնենք»:
Ըստ Օհանեանի՝ սահմանազատման եւ սահմանագծման գործընթացը ընթացակարգերու խախտումով կը կատարուի, եւ միակողմանի զիջում է:
«Եթէ կայ հակամարտութիւն եւ ձգտում ենք խաղաղութեան, ապա դրանք երկկողմ պէտք է լինեն: Պէտք է սահմանուեն համապատասխան ընթացակարգեր: Այսինքն՝ լինի երկու երկրների միջեւ համաձայնագիր, քարտէզները ճշգրտուեն, դրանից յետոյ նոր սահմանագծման գործընթացն իրականացուի: Հայաստանի եւ Ադրբեջանի միջեւ իրականացուող գործընթացները հատուածական են եւ չեն համապատասխանում իրականութեանը», ըսաւ ան:
Օհանեան նշեց, որ գործընթացները ցոյց կու տան, թէ Ատրպէյճան կ՛ընէ այն, որ իր ծառայէ իր շահերուն՝ կը պարտադրէ սահմանազատում, իսկ երբեմն յղում կը կատարէ քարտէզներուն, Ալմաթիի պայմանագիրին, սակայն այլ պարագայի, չի համաձայնիր անոր:
Պատգամաւորը նշեց, որ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութիւնը անհրաժեշտութիւն է, բայց վաղաժամկէտ է՝ նկատի առնելով անոր հռետորաբանութիւնը, կատարած սադրանքները եւ ցեղասպանութիւնը՝ Արցախի մէջ:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչ փուլի մէջ է վարչապետին նկատմամբ անվստահութիւն յայտնելու գործընթացը՝ Օհանեան ըսաւ. «Գործընթացը մեր օրակարգի մէջ է եւ այն կախուած է սրբազանի շարժման արդիւնքներից եւ այդ գործընթացում մենք նախապատրաստական համապատասխան աշխատանքներ իրականացնում ենք եւ երբ հասնի Ազգային ժողով, իրականացնելու ենք»:
Ասուլիսի ընթացքին, Գառնիկ Դանիէլեան նշեց, որ այս օրերուն Կիրանցի մեր հայրենակիցները, քոյրերն ու եղբայրները կ՛ենթարկուին աննախադէպ ճնշումներու:
Անոր համաձայն՝ Կիրանցի բնակիչներուն համար կը ստեղծուի այնպիսի իրավիճակ, որ անոնք ենթադրեն, թէ այլեւս ելք չկայ, իսկ լաւագոյն լուծումը՝ կառավարութեան կողմէ առաջարկուող փոխհատուցումն է, այլապէս ատկէ ալ պիտի զրկուին:
«Հիմա տարբեր տիպի ստորաբաժանումներ են մտել Կիրանց գիւղ՝ ոստիկանական ուժեր, յատուկ ծառայութիւններ, տեղի իշխանութիւնների ներկայացուցիչներ, Երեւանից եկած մարդիկ: Ամէն մի կիրանցեցու երեւի 10-15 չինովնիկ (պետական պաշտօնեայ) է բաժին ընկնում, որոնք ամէն օր համոզում են, սպառնում են, ճնշումների ենթարկում», ըսաւ Դանիէլեան՝ նշելով, որ պարզ զուգադիպութիւն չէ լրագրողներուն գիւղ մուտքը արգիլելը։
Օհանեան՝ հակազդելով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մեղադրանքներուն, թէ ինչո՛ւ ընդդիմութիւնը չի յայտարարեր, թէ որքա՞ն է Հայաստանի տարածքը ըստ իրենց, դիտել տուաւ, որ տարածքի որեւէ մակերես նշելը կը նշանակէ սահմանափակել քեզ այսօր իրականացուող սահմանագծման եւ սահմանազատման գործընթացով: