
«Սարդարապատ» գրախանութը դարձած է գրասէրներու անկիւն մը՝ հանրութեան հրամցնելով, ո՛չ միայն ճոխ հաւաքածոյ մը հայերէն գիրքերու եւ զարդեղէններու, այլ նաեւ գրական միջոցառումներ՝ չափահասներու եւ մանկապատանիներու համար։
Յունիս 1ին, կ․ե․ ժամը 1էն սկսեալ, տեղի պիտի ունենայ Երեխաներու միջազգային օրուան առիթով մանկապատանեկան միջոցառում մը՝ հեքիաթասացութեամբ, կաւիճով գծագրութեամբ, շարժանկարներով եւ տարազի ցուցադրութեամբ։
Մանկագիր Ալին Պզտիկեան Շիրաճեան, որը ծանօթ է իր «Լորին Եւ Նարեկը» մատենաշարով, պիտի ներկայացնէ իր վերջին գիրքերը՝ «Լորին Եւ Նարեկը Դէպի Հայաստան» եւ «Լորիին Եւ Նարեկին Հանդէսը» ինչպէս նաեւ իր այլ հեքիաթները՝ շարժանկարներով։ Հեղինակը ցարդ հրատարակած է 15 մանկապատանեկան գիրքեր։
Քաջալերելի է, որ փոքրերը ներկայանան հայկական տոհմիկ զգեստներով։
Միջոցառումին մուտքը ազատ է եւ գրախանութին հասցէն է 211 E. Chestnut Street, Glendale։ Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար կարելի է հեռաձայնել (818) 500-0790 թիւին։
