26 Մայիսին, Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժումի առաջնորդ Բագրատ արք. Գալստանեանի հրաւիրած հանրահաւաքը:
Բագրատ սրբազանը, նախքան աղօթքը կոչ ուղղեց՝ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգելու Տաւուշի եւ Լոռիի մէջ բնական աղէտի պատճառով զոհուած քաղաքացիներուն յիշատակը:
«Այս իշխանութիւնը ոչ միայն յանցաւոր կերպով կը յանձնէ մեր պետութիւնը` իր ֆիզիքական գոյութեամբ, այլեւ աւելի սարսափելին կ՛ընէ` կը ձգտի փոխել մեր հայրենիքի բովանդակութիւնը, ինքնութիւնը եւ արժէքները` գողնալով եւ ուրանալով մեր խորհրդանիշները, մեր երազներն ու իղձերը, մեր գոյութեան իրաւունքը եւ կենսագրութիւնը` մոռնալով, որ ոգին յաղթած է «դուխին», Եռագոյնը` սեւ ու սպիտակին», ըսաւ Բագրատ սրբազանը` աւելցնելով, որ հակառակ այս բոլորին, պայքարը պիտի հասնի իր նպատակին:
«Այս շարժումը Աւետեաց երկիր ունենալու մասին է», յայտարարեց Բագրատ սրբազանը` այդ նպատակին հասնելու համար վերահաստատելով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջը:
«Հեռացի՛ր» վանկարկեցին Հանրահաւաքին մասնակցողները:

Երեւանի պետական համալսարանի արեւելագիտութեան բաժանմունքի դասախօս փրոֆ. Գուրգէն Մելիքեան իր ելոյթին մէջ ըսաւ հետեւեալը. «Շատ դժուար փուլ մը մեզ կը սպասէ: Ժողովո՛ւրդ, մենք պէտք է այդ դժուարութեան յաղթենք, հասկնանք, թէ ով որ ալ ստանձնէ պատասխանատուութիւնը, սա անոր համար պիտի ըլլայ իր կեանքի ամէնէն բարդ ծառայութիւնը: Ճնշող մեծամասնութիւնը եղած է միակարծիք, որ այդ մարդը, անշուշտ, Բագրատ սրբազանն է: Եւ կայ արդէն յստակօրէն ձեւաւորուած համախոհութիւն քաղաքական ուժերուն եւ ժողովուրդին մօտ, որ շարժումին առաջնորդ Բագրատ սրբազանը պէտք է ըլլայ նաեւ վարչապետ», ըսաւ ան:
«Սրբազա՛ն վարչապետ», վանկարկեց ժողովուրդը:
Բագրատ սրբազանը յայտարարեց, որ անցումային կառավարութիւնը` հաշտութեան կառավարութիւնը, պէտք է ըլլայ մասնագիտական կարողութիւններով, հմտութիւններով օժտուած, պէտք է ըլլայ նաեւ հայրենատէր եւ աստուածասէր:
«Կառավարութիւնը յստակօրէն պէտք է ունենայ օրակարգային երեք ուղղութիւններ:
Առաջինը` ներքին հաշտութեան օրակարգ` հիմնուած արդարութեան եւ արդարադատութեան վրայ: Երկրորդը` արտաքին յարաբերութիւններուն մէջ պէտք է վարէ առանց «հակա»ներու քաղաքականութիւն, ներկայ վիճակը սառեցնէ, ինչ որ չափազանց դժուար է, որովհետեւ տեղեկատուութեան անսահմանափակ պակաս կայ այս պահուն: Ամէն գնով պէտք է սառեցնել այն իրավիճակը, որուն մէջ մենք կը գտնուինք: Պէտք է ձգտի իրական` կայուն խաղաղութեան` ուժի սպառնալիքի կիրարկման վերացումով, մեր գերիներու եւ Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան վերադարձին իրականացումով, խաղաղութեան պայմանագիրի շուրջ իրական, խորքային բանակցութիւններ վարելով, ներառեալ` արցախցիներու ապահով վերադարձը` ապահովութեան եւ բոլոր իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցերու լուծումով: Սահմանազատման եւ սահմանագծման գործընթացը պէտք է սկսի խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրութենէն ետք` յստակ քարտէսներով:
Երրորդը` պէտք է պատրաստէ արտահերթ կամ հերթական ընտրութիւններ` ազատ եւ թափանցիկ ընտրութիւններու երաշխաւորը ըլլալով` առանց յաւակնելու մասնակցիլ այդ ընտրութիւններուն», ըսաւ ան:
Բագրատ սրբազանը նաեւ յայտարարեց, որ վեհափառ հայրապետէն խնդրած է իր 30ամեայ հոգեւոր ծառայութիւնը սառեցնել:
Ան անդրադարձաւ նաեւ իր` վարչապետի թեկնածու դառնալու իրաւական գործընթացին: Ան ըսաւ, որ ինք չէ թաքցուցած եւ ըսած է, որ երկքաղաքացիութիւն ունի, իսկ օրէնքը կը սահմանափակէ երկքաղաքացիներուն վարչապետ դառնալը: «Հետեւաբար, մենք պիտի գործենք օրէնքի եւ Սահմանադրութեան պահանջներով եւ իրաւական դաշտին մէջ բոլոր կարելի միջոցներով», ըսաւ Բագրատ սրբազանը: