Հ.Յ.Դաշնակցութեան Բիւրոյի եւ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչներու հետ իր ունեցած հանդիպումէն ի վեր, նախկին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան կը շարունակէ հայրենի մամլոյ ուշադրութեան կեդրոնը ըլլալ։ Երկրի քաղաքական միւս ղեկավարներուն հետ իր տեսակցութիւններու շարքը, կատարած սակաւաթիւ յայտարարութիւնները եւ շարունակուող հարցականը իր թէական թեկնածութեան հարցին շուրջ կարծես նոր եռանդ տուած են արդէն սկսած ընտրապայքարի մը, որ հիմնականօրէն անձերու եւ անուններու շուրջ է, որ կը դառնայ։ Պարզ է, որ վերջին հաշուով քաղաքացիները վերացական գաղափարի մը չէ, որ քուէ պիտի տան, այլ յստակ անձի մը, որուն ղեկավարման ատակութեան վրայ պիտի վստահին իրենց ակնկալիքներու իրագործման համար։ Անձի ընտրութիւնը աւելի կը կարեւորուի, երբ հարցը երկրի նախագահութեան պաշտօնին կը վերաբերի։ Ինչ որ սակայն ամէնէն աւելի ակնբախ է հայրենի նախընտրական այս ոլորտին, անձերու մարմնաւորած գաղափարներու բացակայութիւնն է հրապարակային բանավէճերէ։ Այլ խօսքով, իշխանութեան համար պայքարը սահմանափակուած է ներկայ իշխանակարգի շարունակմա՞ն, թէ փոփոխութեան հարցին շուրջ, առանց այնքան ալ խնդրայարոյց դարձնելու, թէ այդ շարունակութիւնը կամ փոփոխութիւնը իրենց կարգին ի՛նչ պիտի նշանակեն ազգային եւ ընկերային իմաստով։ Այս տեսանկիւնէն պարզ է, որ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի հրապարակ գալը կը դիտուի առաւելաբար հանրապետական թեկնածու վարչապետ Սերժ Սարգսեանի ընտրական դիւրին յաղթանակին ինքնավստահութիւնը խախտելու կոչուած քայլ մը։ Աւելի խորքային խնդրարկումներ, թէ այս փոխադարձ մարտահրաւէրները շարքային քաղաքացիին եւ ազգին ընդհանրապէս ի՞նչ պիտի բերեն, պարզապէս չեն բանաձեւուիր։
Դաշնակցութեան եւ քաղաքական իր նախկին ընդդիմադիրներուն հետ Տէր Պետրոսեանի հանդիպումներու շարքը կը ներկայացուի որպէս քաղաքական պայքարի քաղաքակիրթ մակարդակի նուաճում։ Վերջին հաշուով, նախկին նախագահը ի՛նք նախաձեռնութիւնը առած է հանդիպումներու կայացման դիմում կատարելու եւ զայն մերժելը, ինչպէս թերեւս իրաւունքով կը բացատրուի, կրնայ շատ ժխտականօրէն ընկալուիլ հասարակութեան կողմէ։ Կրկնելու գնով պէտք է հաստատել, թէ ողջունելի է Հայաստանի ժողովդավարութեան նուաճած այս քաղաքական մշակոյթի մակարդակը, եւ երանի ամրակայուի աւելի եւս։ Ցաւալի է անշուշտ, որ նման մակարդակ չկար Տէր Պետրոսեանի օրերուն, երբ փոխանցման հոլովոյթէ անցնող հայրենի քաղաքական ոլորտը պէտք ունէր Սպանիոյ անցումային հոլովոյթին մէջ բանաձեւուած ընդհանուր յայտարարներու շուրջ համաձայնութեան մը նման ենթահողի մը։ Ինչպէս ծանօթ է, Ֆրանքոյի մահէն յետոյ 1936ի քաղաքացիական պատերազմէն ի վեր տիրող քառասնամեայ ամբողջատիրական կարգերու վերացման եւ ժողովրդավարութեան հաստատման հեռանկարով, Սպանիոյ քաղաքական բոլոր ուժերը մէկտեղուեցան եւ հասան ընդհանուր համաձայնութեան մը, որ պատմութեան անցաւ որպէս Մոնքլոայի համաձայնութիւն։ Այդ փաստաթուղթն էր, ահաւասիկ, որ ամրագրեց ժողովրդավար խաղի կանոնները եւ քաղաքակիրթ մրցակցութեան եզրերը՝ մեկնելով Սպանիոյ յատուկ պայմաններէն։
Այդ հոլովոյթին քաջածանօթ հայ քաղաքական դերակատարներ օրին նախագահ Տէր Պետրոսեանի ուզեցին հասցնել այդ օրինակին ներշնչումով քաղաքական ներքին համաձայնութեան մը անհրաժեշտութիւն առաջարկը, սակայն Հայաստանի պետական թիւ մէկ անձը պարզապէս տրամադիր չէր այդ մասին լսել իսկ։ Եթէ առաջարկը ընդառաջում գտնէր, Հայաստանի մէջ այսօրուայ քաղաքակիրթ մակարդակը արդէն կը նուաճուէր շատ աւելի կանուխ եւ թերեւս կարելի ըլլար շրջանցել քաղաքական շատ ցնցումներ, ներառեալ Հայաստանի առաջին նախագահին անփառունակ հրաժարականը։ Սակայն Լեւոն Տէր Պետրոսեանի նախագահական տարիները պատմութեան անցան ամրագրելով պոլշեւիկեան հակադաշնակցականութիւնը յիշեցնող վերաբերմունք մը, որ գործնականացուեցաւ կուսակցութեան գործունէութեան արգիլումով, անոր ղեկավարութեան արգելակումով եւ Հայաստանի սահմաններէն անդին հալածանքներու տարածման փորձերով։ Լիբանանի, Քանատայի թէ Արժանթինի մէջ տակաւին թարմ է յիշատակը կուսակցութեան շարքերէն արտաքսուած եւ հեռացուած անձերուն, որոնք կամովին դարձան Լեւոն Տէր Պետրոսեանի վարձկանները եւ լծուեցան կուսակցութեան պառակտման սադրանքներուն։ Թարմ է յիշատակը Հայաստանի առաջին նախագահի խորհրդականին, որ «շաթըլ տիփլոմըսի» կ՚ընէր համայնքէ համայնք՝ տեղւոյն բարերարները եւ թերեւս իշխանութիւններն ու գաղտնի սպասարկութիւնները «համոզելու» համար, թէ Դաշնակցութիւնը ազգի անվտանգութեան սպառնալիք է, առանց տակաւին նշելու թմրեցուցիչներու միջազգայի մաքսանենգութեան մէջ իր գրաւած կեդրոնական դիրքը:
Սփիւռքի մէջ չկայ Հայաստանի ներքաղաքական հոլովոյթի յատուկ տինամիքը եւ, հետեւաբար, քաղաքական յիշողութիւնն ու գաղափարախօսական ինքնութեան հարցը թերեւս աւելի կեդրոնական տեղ կը գրաւեն։ Անշուշտ, առաջնահերթութիւնը հայրենի իրականութեան հրամայականներն է որ կը ճշդեն, եւ ամէն պարագայի հաւաքական յիշողութիւնը քինախնդրութեան պէտք չէ առաջնորդէ, ի մասնաւորի երբ դեռ նոյնքան կենդանի է յիշողութիւնը օրին Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրայր Մարուխեանի բարոյական կեցուածքը՝ զինք արտաքսող Լեւոն Տէր Պետրոսեանին յանուն ազգային միասնականութեան համագործակցութեան ձեռք երկարելու։ Խնդիրը հոն է սակայն, որ Լեւոն Տէր Պետրոսեան անցեալի իր վարքագիծը թէկուզ եւ մասամբ վերաքննութեան ենթարկելու ոչ մէկ տրամադրութիւն ցոյց կու տայ, նուազ՝ Դաշնակցութեան դէմ իր շղթայազերծած հալածանքին ինքնաքննադատութիւն ընելու, երբ կուսակցութեան դէմ իր բացած դատական գործը ոչինչ կրցաւ ապացուցանել։ Ընդհակառակը, Սեպտեմբեր 21ի իր հրապարակային ելոյթը ենթադրել կու տայ, որ կը շարունակէ մեծ համարում ունենալ իր իշխանութեան «նուաճումներուն» հանդէպ։
Հայաստանի մէջ քաղաքական մրցակցութեան նուաճած քաղաքակիրթ մակարդակը կ՚ենթադրէ՞, որ Լեւոն Տէր Պետրոսեան հրաժարած է հակադաշնակցականութենէն։ Նման նախանձախնդրութիւն չ՚ենթադրեր բնաւ համակարծիք ըլլալ, ոչ ալ դադրիլ իրարու հետ վերաբերելէ որպէս մրցակիցներ։ Կ՚ենթադրէ, սակայն, կիրքերու ինքնազսպում եւ հայ ազգային քաղաքական բոլոր ուժերու գոյակցութեան երաշխաւորում՝ առանց երբեէ մատնուելու անոնցմէ որեւէ մէկուն դէմ ամբողջատիրական վարչակարգերու յատուկ հաւաքական հալածանքներու շղթայազերծման փորձութեան։
Եւ ահաւասիկ յանուն այս երաշխիքին է, որ անհրաժեշտ է անձերու հանդէպ փոխադարձ յարգանքին զուգահեռ քաղաքական մրցակցութեան ոլորտին մէջ գաղափարներու սուր բախումի անհրժեշտութիւնը տեսնել։ Այլապէս, ժողովրդավարութիւնը կը կորսնցնէ քաղաքական վերանորոգումի շարժակի իր էութիւնը եւ կը վերածուի պարզ ձեւականութեան, որուն համար ոչ կուսակցութիւններու պէտք կայ, ոչ ալ գաղափարախօսութիւններու, այլ միայն քաղաքական «մարքեթինկի» մասնագէտներու։ Ահա թէ ինչու Լեւոն Տէր Պետրոսեանի հրապարակ գալը անհրաժեշտաբար սեղանի վրայ պէտք է դնէ իր նախագահական ժամանակրջանի շաղկապումը Հայաստանի ներկայ իրականութեան հետ։ Նման նախանձախդրութիւն չի նպատակադրեր անցեալի ռըվանշիզմ, բառ մը, որ նախկին նախագահը շատ կը սիրէր գործածել Դաշնակցութիւնը որակելու իր ճիգերուն մէջ, այլ անհրաժեշտ նախաձեռնութիւն, նախընտրական այս հանգրուանին քաղաքական բանավէճը անձերէն անդին գաղափարներուն տարածելու։
Որովհետեւ՝ հոն, ուր ՀՀՇն եւ Հանրապետականը իրարու հետ պիտի մրցակցին փաստելու համար, թէ ո՛վ աւելի ազատ շուկայական է, Դաշնակցութիւնն է, որ պիտի խօսի ընկերային արդարութեան ու հաւասարութեան մասին։
Հոն, ուր ՀՀՇն պիտի ընդդիմանայ Սփիւռքին քաղաքացիական ամբողջական իրաւունքներու շնորհման եւ Հանրապետականը դժկամօրէն իր ընդունած օրէնքի ընթացակարգը պիտի փորձէ յաւերժօրէն յետաձգել, Դաշնակցութիւնն է, որ ուժ պիտի տայ երկքաղաքացիութեան օրէնքի սահմանափակումներու վերացման։
Եւ հոն, ուր ՀՀՇն պիտի պայքարի Հայ դատին դէմ եւ պիտի բաղձայ Անատոլու ազատ երթեւեկութիւն եւ Հանրապետականը առանց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը մերժելու պիտի շարւնակէ «առանց նախապայմանի Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման» նախկին իշխանութիւններուն ուղեգիծը, Դաշնակցութիւնն է, որ Սփիւռքի զօրաշարժով աշխարհով մէկ պիտի շարունակէ Հայ Դատի հետապնդումը ընդհուպ մինչեւ Թուրքիոյ կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու անոր ամէնէն բացայայտ հետեւանքին՝ Արեւմտահայաստանի հայաթափման ընդունումը որպէս նախապայման Հայաստանի ու հայութեան ազգային անվտանգութեան սպառնալիքի վերացման, որմէ ետք միայն առարկայականօրէն կարելի է յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթաց մը սկսիլ։
(*) Խ. Տէր Ղուկասեան քաղաքական գիտութեանց դասախօս է Պուէնոս Այրէսի մէջ եւ ծանօթ հրապարակագիր: