ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Հոկտեմբեր 26ին տեղի ունեցաւ բացումը Մեղրի-Կապան մայրուղիին, որ կառուցուած է իրանական կողմի մասնակցութեամբ: Բացման մասնակցեցան նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան, Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպան Ալիռեզա Հաղիղեան, փոխադրութեան եւ կապի նախարար Անդրանիկ Մանուկեան եւ այլ պաշտօնատարներ:
Յայտնենք, որ Մեղրի-Կապան մայրուղին ամբողջ տարին կ’ապահովէ Հայաստանի հաղորդակցութիւնը Իրանի հետ: Ճանապարհի երկարութիւնը մօտ 80 քիլոմեթր է եւ կ’ապահովէ մինչեւ 80 թոն տարողութեամբ բեռնակառքերու երթեւեկը:
Նշենք, որ մինչ այս մայրուղիի բացումը, Իրանը Հայաստանին կապող միակ ճանապարհը կ’անցնէր Մեղրիի լեռնանցքէն, ուր երթեւեկութիւնը ձմեռնային ամիսներուն լիովին կամ մասնակիօրէն կը դադրէր եւ 36 թոնէն աւելի ծանր բեռնակառքերու համար ապահով չէր: