Փասատինա քաղաքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ «Փեթակ» շաբաթօրեայ դպրոցը Կիրակի, 19 Մայիսին, յատուկ եւ ցնծուն յայտագիրով մը աւարտեց 2023-24 տարեշրջանը,: Ներկայ էին ծնողներ, հիւրեր, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Սարգիս Ա. քհնյ. Փեթոյեան, Արեւմտեան թեմի շաբաթօրեայ դպրոցներու հոգեւոր տեսուչ Յովհաննէս սարկաւագ Գումրուեան եւ թեմի շաբաթօրեայ դպրոցներու Ուսումնական խորհուրդի ատենապետուհի դոկտ. Էլլի Անդրէասեան: Յայտագիրը նուիրուած էր Յովհաննէս Թումանեանի եւ Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 155ամեակներուն:
Յայտագիրը սկսաւ Հայաստանի քայլերգին եւ հայ աշակերտի ուխտին կատարումներով: Ապա բեմ եկան մանկապարտէզի սանիկները. անոնք ուսուցչուհի Անի Մարսէլեանի, կամաւոր երիտասարդուհիներ Էլեն Վարդանեանի եւ Տերեւ Տատուրեանի առաջնորդութեամբ երգեցին մայրերու նուիրուած երգ մը, հիւրերուն նուիրուած գողտրիկ ոտանաւոր մը եւ հայկական պար մը, զոր կոչած էին՝ «Մեր բակի մանկապարը»:
Ապա, խօսք առաւ դպրոցի տնօրէն Նորայր Տատուրեան: Ան նախ ջերմ բառերով շնորհաւորեց փոքրիկները եւ տուաւ իր օրուան խօսքը: «Վերջին զանգ, նոր սկիզբներ» անունը կրող խօսքին մէջ ան ըսաւ, թէ այն զանգը, որ պիտի հնչէ, վերջակէտ մը չէ, այլ՝ ձայնն է ապագայ աշխատանքներու, աւելի մեծ ծրագիրներ իրագործելու, այդ զանգը կանչն է հայրենիքի եւ հայկական ինքնութեան: Այս զիլ եւ քաղցր ձայնն է, որ բոլորիս համախմբած է եւ բոլորս կը փոխադրէ ուրիշ աշխարհ մը, որ թանկագին եւ սրբազան է սփիւռքահայուն համար»: Տնօրէն Տատուրեան ապա ներկայացուց օրուան հիւրերը եւ ըսաւ, թէ առաջնորդարանը իր աւարտական փուլին հասցուցած ուսումնական ծրագիր մը եւ մօտ օրէն գաղութիս պիտի յայտարարէ իր հովանիին տակ գտնուող 20 շաբաթօրեայ վարժարաններուն վերաբերող մեծ աւետիս մը:
Յաջորդ կատարումին համար բեմ եկաւ դպրոցի կամաւորներէն, 7րդ դասարանի աշակերտուհի Տերեւ Տատուրեան, որ արտասանեց Թումանեանի «Հին օրհնութիւն» քերթուածը՝ ներշնչելով բոլոր եւ զանոնք փոխադրելով Լոռի:


Հայկական լեռնաշխարհը եւ գեղջկական կեանքը թատերական պատկերով մը ներկայացուցին ուսուցչուհիներ Մարալ Դաւիթեանի եւ Ազնիւ Սէրայտարեանի աշակերտները: Անոնք հայկական տարազներ հագած՝ բեմին վրայ ստեղծեցին պապենական տան մը առտնին տեսարանը: Այդ պատկերին մէջ աշակերտները արտասանեցին «Ո՞րն Է, Բաբօ» ոտանաւորը, ուր պատանի Անդրանիկ Գամանճեան դարձաւ «բաբօ» մը: Անոնք խաղին մէջ նաեւ երգեցին «Հայերէն Երգենք» ուրախ երգը: Նոյն դասարանէն Արէնի Չօպանգրիգորեան եւ Արէն Գրիգոր ներկաներուն ծիծաղ տուին իրենց վարպետօրէն կատարած զաւեշտական երկխօսութեամբ:
Աւագ դասարանի աշակերտները հանդէս եկան պատմաթատերական պատկերով մը: 11-14 տարեկանները բեմադրեցին 14րդ դարուն, Կիլիկիոյ Տարսոն քաղաքին մէջ ապրած «հմուտ գրագիր» Ալիծ իշխանուհիին կեանքէն առնուած ծիծաղաշարժ դրուագ մը, որուն մէջ իշխանուհին իրեն չափ գեղեցիկ ձեռագիր ունեցող տղու մը հետ ամուսնանալ կը փափաքէր: Խաղին աւարտին աւագ դասարանէն Անճելինա եւ Նաթալիա Մանճիկեան քոյրերը քնքշօրէն արտասանեցին Թումանեանի «Ախ, Ի՜նչ Լաւ Են» հովուերգական քերթուածը:
Հանդէսի վերջին բաժինը խմբային երգերն էին: Աշակերտները, դաշնակահարուհի Էլմիրա Սիմոնեանի առաջնորդութեամբ՝ ժիր ձայնով կատարեցին Կոմիտասէն երեք երգեր. «Անձրեւն Եկաւ-Խնկի Ծառ», «Կաքաւիկ» եւ «Էսօր Ուրբաթ Է, Պաս Է»: Ապա, իբրեւ հրաժեշտի երգ՝ պայծառ օրեր մաղթելով բոլորին՝ անոնք ժպտադէմ երգեցին Խաչատուր Աւետիսեանի «Գարնանային Իմ Երազ» երգը եւ ըսին. «Ծաղկածիծաղ իմ գարուն, գարուն, / Գարնանային իմ երազ, / Ուրախութիւն վարարուն»:
Եւ եկաւ դպրոցական տարեշրջանի ամէնէն յուզիչ պահը՝ լսել վերջին զանգին ձայնը:
Ուսուցչական կազմը դպրոցի պղնձեայ ձեռնազանգակը վերջին անգամ հնչեցնելու պատիւը եւ ուրախութիւնը շնորհած էր դպրոցի աւագ կամաւոր, երիտասարդուհի Էլեն Վարդանեանին, որ, աւարտած ըլլալով երկրորդական վարժարանը, կը պատրաստուի համալսարան երթալու:
Յայտագիրին վերջաւորութեան, իրենց սրտի խօսքերը տուին հիւր ներկաները: «Այսօր Հոգեգալուստ է: Ես զգացի, որ սուրբ հոգին այսօր այս սրահին մէջ էր եւ այս փոքրիկներուն բերանով խօսեցաւ մեզի», ըսաւ տէր Սարգիսը: Դոկտ. Անդրէասեան շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն եւ գնահատեց հայկական ինքնութեան հանդէպ բոլորին ցոյց տուած նախանձախնդրութեան գերագոյն օրինակը: Ան ըսաւ նաեւ, թէ առաջնորդարանը արդէն իր մշակուած ծրագիրը ունի շաբաթօրեայ դպրոցները Քալիֆորնիոյ նահանգի լաւագոյն կրթական հաստատութիւնները դարձնելու հեռանկարով: «Ես այսօր «Փեթակ»ի մէջ լսեցի 40 աշխատասէր, ժիր մեղուներու բզզիւնը եւ վայելեցի անոնց արտադրած քաղցր մեղրը, որ իրենց հայկական ձայնն էր, ասմունքն էր եւ երգն էր», ըսաւ Յովհաննէս սարկաւագը: Ան յայտնեց, թէ ինք կը յուսայ, որ յաջորդ տարի մեղրը վայելողները աւելի շատ ըլլան:
Հանդէսը իր աւարտին հասաւ Տէրունական աղօթքով, որուն յաջորդեցին հիւրասիրութիւն եւ ընտանեկան սիրալիր զրոյցներ:
4-14 տարեկան հայորդիներուն հայեցի դաստիարակութիւն տուող դպրոցի վերամուտի օր 7 Սեպտեմբերն է: Արձանագրութեան կամ յաւելեալ տեղեկութիւն ստանալու համար հեռաձայնել (626) 660 9443 թիւին կամ գրել saturdayschool@stgpas.com հասցէին: