
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ
Կիրակի, 19 Մայիսին, Իրանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները միասնաբար բացումը կատարեցին Արաքս գետին վրայ կառուցուած ջրելեկտրակայանի մը։ Բացման արարողութենէն ետք, Իրանի նախագահ Ռայիսիի ուղղաթիռը, որուն մէջ կը գտնուէր նաեւ երկրին արտաքին գործոց նախարարը եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, անյայտ պատճառներով կորսուեցաւ եւ զայն կարելի եղաւ գտնել միայն յաջորդ օրը։ Ուղղաթիռին մէջ գտնուողները բոլորն ալ մահացած էին։
Բնականաբար, նմանօրինակ դէպքի մը լուրը պիտի ցնցէր ոչ միայն Իրանը, այլ նաեւ ամբողջ աշխարհը։ Առաջին ժամերուն տարբեր լրատուամիջոցներ եւ վերլուծաբաններ կատարուածը խափանարարութիւն նկատեցին եւ անմիջապէս մատնացոյց եղան Ամերիկան եւ մանաւանդ Իսրայէլը, որոնց հետ Իրանը քաղաքական «թշնամանք» ունի։ Սակայն կամաց-կամաց այդ թէզը չքացաւ եւ Իրանի պաշտօնական աղբիւրներ յայտնեցին, թէ կլիմայական պայմաններու բերումով ուղղաթիռը ինկած է լեռնային եւ անտառածածկ գօտիի մը մէջ եւ անոր մէջ գտնուողները մահացած են։
Իրանի նախագահը տեղափոխող ուղղաթիռը ամերիկեան արտադրութիւն մըն էր՝ BELL 212։ Այս ուղղաթիռները սկսած են արտադրուիլ 1967ին եւ անոնց արտադրութիւնը շարունակուած է մինչեւ 1980։ Շահի օրերուն, այսինքն 1970ականներուն, Իրան անոնցմէ գնած է 25 հատ։ Իսկ իսլամական յեղափոխութենէն ետք, անոր փոխնորդ կտորներ չեն մատակարարուած։ Հոս պէտք է նշել նաեւ, որ Իրանի նախագահը միշտ տեղափոխուած է ռուսական արտադրութեամբ ուղղաթիռով եւ այս առաջին անգամն էր, որ այս ուղղաթիռը կը գործածուէր նախագահը տեղափոխելու համար։
Բացի ընթացիկ հարցադրումներէն, որոնք կատարուեցան զանազան լրատուամիջոցներու կողմէ եւ որոնց շուրջ Իրանի պաշտօնական աղբիւրները կը լռեն, կարգ մը մասնագէտներ մատնացոյց կ՛ընեն Իրանի ներքին լծակները, որոնց կողմէ կրնայ կազմակերպուած ըլլալ այս առեղծուածային արկածը։
Նոյնինքն իրանեան աղբիւրները առաջին ժամերուն երեք հակասական տեղեկութիւններ տուին ուղղաթիռին անհետացման մասին։ Առաջին հերթին, Իրան յայտարարեց, թէ ուղղաթիռը ստիպողական վայրէջք կատարած է, կլիմայական աննպաստ պայմաններու պատճառով։ Ապա յայտարարուեցաւ որ ուղղաթիռին հետ կապ կտրուած է եւ ոչ մէկ տեղեկութիւն կայ անոր մասին։ Քիչ ետք յայտարարուեցաւ, որ ուղղաթիռին մէջ գտնուող մը կապ հաստատած է, սակայն կապը շատ արագ կտրուած է։ Այստեղ նաեւ պէտք է նշել, որ Իրանի նախագահը տեղափոխող ուղղաթիռին կ՛ընկերակցէին երկու այլ ուղղաթիռներ, որոնք անվնաս հասած են Թաւրիզ։
Հակասական այս յայտարարութիւնները բազմաթիւ հարցադրումներու դուռ կը բանան, որոնց քննարկումին ընթացքին մասնագէտներ կրնան իրենց տեսակէտները յայտնել։ Բայց եւ այնպէս նոյն մասնագէտները կը նշեն որ ուղղաթիռներու արկածներու հիմնականին մէջ անձնակազմի սխալներուն պատճառով տեղի կ՛ունենան։
Այսքանը արկածի մասին։Ինչպէս նշուեցաւ, կան հարցին ներքին ծալքերը, որոնք Իրանի պետութիւնը չի բարձրաձայներ, բայց կրնայ հաւանական պատճառը ըլլալ Ռայիսիի առեղծուածային մահուան։
Իրանը իսլամական հանրապետութիւն է։ Ճիշդ է որ ժողովրդավարութեան որոշ դրոյթները կը գործեն այնտեղ, ինչպէս՝ նախագահ, խորհրդարան եւայլն, որոնք կ՛ընտրուին ժողովուրդին կողմէ, սակայն երկրին փաստացի իշխանութիւնը հոգեւոր խորհուրդն է եւ հոգեւոր առաջնորդը։ Իսլամական յեղափոխութենէն ետք, Խոմէյնին երկրին հոգեւոր առաջնորդն էր։ Անոր մահէն ետք, զինք փոխարինեց ներկայի հոգեւոր առաջնորդ Ալի Խամենէին, որ արդէն բաւական յառաջացած տարիք ունի (85 տարեկան)։ Նախագահ Ռայիսի կը նկատուէր անոր հաւանական յաջորդը եւ կը վայելէր Խամենէիի օրհնութիւնը։
Սակայն, Ռայիսի, նախագահ ընտրուելէն ասդին, ոչ միայն իրագործումներ չէ կատարած, այլ նոյնիսկ ընտրական իր խոստումները չէ յաջողած իրագործել։ Երկրին մէջ տնտեսական-ընկերային տագնապը ահագնացող է եւ արեւմտեան պատժամիջոցներու պատճառով նախագահը ոչինչ կրցած է ընել զանոնք մեղմելու համար։
Հոգեւոր առաջնորդի տեղը զբաղեցնելու յաւակնորդներէն է մէկն է նաեւ Խամենէիի տղան՝ Մուքթապա Խամենէին։ Ան գլխաւոր ղեկավարներէն է «Յեղափոխութեան պահակները» կազմակերպութեան ծիրէն ներս գործող զինուորական քանի մը խմբաւորումներու եւ մեծ հեղինակութիւն կը վայլէ այդ կառոյցին մէջ։ «Յեղափոխութեան պահակները» կը յատկանշուին իրենց ծայրայեղականութեամբ եւ երկրին ներքին ապահովութեան հիմնական «պահակներ»ն են։ Անոնք դէմ էին հոգեւոր առաջնորդի պաշտօնը Ռայիսիին յանձնելուն։ Ռայիսի կը նկատուէր Արեւմուտքին հետ «լեզու գտնելու» կողմնակից։
Այսօրինակ բոլոր տուեալները մէկտեղելով մեծ հարցականներ կը ստեղծուին Իրանի նախագահի մահուան առեղծուածին շուրջ։ Բնակաբար, Իրանի պետական շրջանակները պիտի չուզեն ներքին խնդիրներու վարկածի տարբերակի մասին խօսիլ, այլ պիտի փորձեն հանրային կարծիքը շեղել դէպի անորոշ ուղղութիւններ, թէկուզ կեղծ եւ ոչ ճշգրիտ տեղեկութիւններու հիման վրայ։
Ռայիսիի մահը մեծ հարուած մըն է Իրանի բարեկարգչական շարժումին։ Պահպանողական հոսանքը այս առիթը լաւագոյնս պիտի օգտագործէ իր դիրքերը ամրապնդելու եւ Խամենէիի յաջորդին ընտրութեան այս դիտանկիւնէն պէտք է նայիլ։
Վստահաբար, Հայաստան-Իրան յարաբերութիւնները պիտի չազդուին այս իրադարձութենէն։ Իրան առնուազն պիտի շարունակէ մնալ Սիւնիքի անցքը մերժելու իր քաղաքականութեան վրայ, որովհետեւ այդ մէկը կը բխի նաեւ իր աշխարհաքաղաքական շահերէն։