ՀՅԴ Բիւրոն եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը, կառոյցի հայաստանեան եւ Սփիւռքի ներկայացուցիչները, ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական միութեան ու ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» Ուսանողական միութեան անդամներ եւ քաղաքացիներ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան հիմնադրութեան 106ամեակին առիթով այցելեցին Արամ Մանուկեանի յուշարձանը ու ծաղիկներ զետեղեցին` իբրեւ յարգանք անոր վաստակին։
Այս առիթով խօսք արտասանեց ՀՅԴի անդամ, Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արծուիկ Մինասեան: «Այսօր եկել է մեր պայքարը վերահաստատելու օրը: Եւ մենք վերահաստատում ենք մեր պայքարը, վերահաստատում ենք Առաջին Հանրապետութեան հիմնադիր հայրերի նպատակները: Մեզանից պահանջւում է համախմբութիւն` համահայկական համախմբութիւն, ուժականութիւն, որ վերահաստատենք ու ասենք, որ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւնը պատահականութիւն չէր, Հայաստանի ու Արցախի անկախութիւնը պատահականութիւն չէր, եւ մենք վերակերտելու ենք մեր միացեալ երկրի, մեր միացեալ Հայաստանի անկախութիւնը», ըսաւ ան:



Մինասեան ընդգծեց, որ Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւնները պատահականութեան իբրեւ արդիւնք չեն ստեղծուած, այլեւ` պայքարի: «Անկախութեան ձեռքբերումը հրաշալի է, բայց շատ կարեւոր է անկախութիւնը պահելը, փայփայելը եւ ամենակարեւորը` զգօն լինելը: Մենք զգօն չեղանք, չտեսանք մեր միջից աճող որդը` թշնամական որդը, դաւաճաններին, հակառակը` մենք նրանց փայփայեցինք, սիրաշահեցինք, առանց ըմբռնելու, առանց ընկալելու, որ սրանք գալիս են, որ մեր դարաւոր երազանքը կոտորեն, փշրեն, թշնամուն յանձնեն Հայաստանի Հանրապետութիւնը»:
ՀՅԴի անդամ, իրանագէտ Սարգիս Մկրտչեան դիտել տուաւ, որ խումբ մը մարդոց մօտ այն ատեն կար, հիմա ալ կայ այն գաղափարը, որ մենք անկարող ենք եւ պարտաւոր ենք ծունկի գալ թուրքերուն առջեւ, բայց կայ նաեւ խումբ մը, որ այդպէս չի մտածեր եւ կը պայքարի` հաւատալով, որ մենք արժանի ենք եւ իրաւունք ունինք անկախ ապրելու այս երկրագունդին վրայ:
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ, բժիշկ, ազատամարտիկ Տարօն Տօնոյեան «Երկիր»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին կարեւոր նկատեց Արամ Մանուկեանի դերը պայքարի եւ պետականակերտման գործին մէջ` նշելով, որ այսօր իշխանականներուն ըրածը բոլորովին հակառակն է: