Խոջալու (Իւանեան) տեղափոխուած ատրպէյճանցիներուն հետ հանդիպումի մը ընթացքին, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Հայաստանին նոր պահանջ մը ներկայացուց՝ ըսելով.«Հայաստան պէտք է ճանչնայ Խոջալուի ցեղասպանութիւնը եւ ներողութիւն խնդրէ: Առաջին հերթին Հայաստան պէտք է ճանչնայ այդ ողբերգութիւնը, այդ յանցագործութիւնը», յայտարարեց Ալիեւ:
1992ին, Խոճալուի մէջ պատահած իրադարձութիւնները տասնեակ տարիներէ ի վեր Ատրպէյճան կը ջանայ ներկայացնել իբրեւ հայերուն կողմէ ատրպէյճանցիներու «ցեղասպանութիւն», իսկ հայկական կողմը կը հերքէ այդ պնդումը եւ քարոզչական հնարք կը նկատէ զայն:
28 Մայիսին, իր կնոջ ու դստեր ուղեկցութեամբ այցելելով հայաթափուած Արցախի շարք մը շրջաններ, ուր արդէն ատրպէյճանցիներ կը հաստատուին, Ալիեւ վերաբնակեցուող քաղաքացիներուն հաւաստիացուց, որ «պէտք է պատրաստ ըլլաք որեւէ պահու»:
«Անշուշտ, առաջին հերթին պէտք է մեր բանակը ամրապնդենք, եւ մենք այդ է որ կ՛ընե՛նք», ըսաւ ան։
Ալիեւ անդրադառնալով Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող վերջին զարգացումներուն՝ ըսաւ. «Հայաստանի մէջ վրէժխնդիրները բաւական շատ են: Մենք նաեւ կը հետեւինք վերջին իրադարձութիւններուն եւ կը տեսնենք, որ դարձեալ փորձերու կը ձեռնարկուի տարածքային յաւակնութիւններ ներկայացնելու մեզի»։
29 Մայիսին, «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան քարտուղար Արթուր Յովհաննիսեան «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին, արձագանգելով Իլհամ Ալիեւի վերոյիշեալ յայտարարութեան՝ ըսաւ. «Այդ թեման, բնականաբար, քննարկման ենթակայ չէ»:
«Ի հարկէ, մթնոլորտի որոշակի լաւարկում ունենք սահմանազատման եւ սահմանագծման յանձնաժողովում էլ, խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ խօսակցութիւնում էլ, բայց Ադրբեջանը շարունակում է մնալ ապակառուցողական, նաեւ ուլտիմատումներ (վերջնագիրներ) են հնչում», ըսաւ Յովհաննիսեան` ընդգծելով. «Դրա համար մենք չպէտք է գերագնահատենք իրավիճակը, ոչ էլ թերագնահատենք ընկճուելու աստիճանի: Ունենք յաջողութիւններ, ձեռքբերումներ. Տաւուշում սահմանագծման արդիւնքում մենք Ադրբեջանից վերցրել ենք Հայաստանի վրայ յարձակուելու վերջին լեգիտիմ (օրինական) հնարաւորութիւնը, պատրուակը»: