


Նախագահութեամբ ու հանդիսապետութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ, Կիրակի, 25 Մայիսին, Թորգոմ արք. Տօնոյեանի ձեռամբ մատուցուած Ս. եւ անմահ պատարագին ընթացքին կատարուեցաւ Հանրապետական Մաղթանք (Գոհաբանական աղօթք) եւ Հայաստանի դրօշի օրհնութիւն՝ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան հռչակման 106ամեակին առիթով, ինչպէս նաեւ՝ հոգեհանգստեան պաշտօն անկախութիւնը կերտելու ճամբուն վրայ նահատակուած մեր քաջարի հերոսներու հոգիներուն համար։
Արարողութեան աւարտին, հաւատացեալները, որոնց շարքին էին կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական ժողովի անդամները, Պուրճ Համուտի քաղաքապետը, հայրենիքէն ժամանած ՀՄԸՄի Արցախի մեկուսի շրջանի սկաուտները եւ Մայրավանքի կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտները, ուղղուեցան Վեհարանի դահլիճը, ուր գեղարուեստական յայտագիրով մը նշուեցաւ անկախութեան գլխաւոր կերտիչին՝ Արամ Մանուկեանի անունը կրող Արամ Ա. կաթողիկոսին անուանակոչութիւնը եւ հնչեց հայրապետին պատգամը։
Արդարեւ, Ս. պատարագի ընթացքին, յաւուր պատշաճի իր քարոզին մէջ Թորգոմ սրբազանը կեդրոնացաւ յոյսին կարեւորութեան վրայ՝ թուելով հայոց պատմութեան վերիվայրումներու ընթացքին յոյսը չկորսնցնելու արժանիքը հայ ազգին։ Ան ըսաւ, որ իւրաքանչիւր անհատ, երկինքէն երկիր ձգուած յոյսի թելին կառչած ըլլալով՝ լաւատեսութեամբ կը նայի կեանքին, որովհետեւ յոյս տուողը Աստուած ինքն է եւ «յոյսը ամօթով չի ձգեր» (Հռ 5.5)։ Անդրադառնալով Մայիս 28ին, ան նշեց, որ 1918 թուականը հայ ժողովուրդի ներքին յոյզերուն եւ յոյսերուն կենդանացման նոր թուական մը դարձաւ, իսկ այդ թուականէն 50 տարիներ ետք, 1968ին, նո՛յն այս Մայրավանքին մէջ եւ նո՛յն այս Ս. խորանին վրայ, վեհափառ կաթողիկոսը ստացաւ քահանայական իր օծումը եւ դարձաւ Արամ աբեղայ. աւելի՛ն, ա՛ն եւս նոր զարթօնք բերաւ մեր Ս. Աթոռին՝ իր ծառայական եւ առաջնորդական նուիրումով։ Քարոզի աւարտին, Հայրապետին անուանակոչութեան առիթով, սրբազան հայրը աղօթք բարձրացուց առ Աստուած՝ կաթողիկոսին արեւշատութեան եւ երկար ծառայութեան ու գահակալութեան համար։
Ս. պատարագէն ետք, Վեհարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ Դպրեվանքի սաներուն կողմէ պատրաստուած գեղարուեստական յայտագիր մը։ Կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտները, իրենց ձեռքին ունենալով եռագոյն դրօշ ու ձեռային աշխատանքներ, Մայիս 28ի շունչով զարդարեցին դահլիճը։
Այդտեղ, Դպրեվանքի սաները, իրենց երգեցողութեամբ եւ պարտասնութեամբ, վերակոչեցին Մայիսեան ոգին։ Դպրեվանեցիներուն անունով ուղերձ արտասանեց Գ. Ընծայարանէն Վարդան սարկաւագ Ասայեան։
Ապա, դահլիճ մուտք գործեցին Արցախէն ժամանած խումբ մը ՀՄԸՄական սկաուտներ եւ հայրապետին յանձնեցին Արցախի դրօշը՝ ըսելով. «Վեհափառ Տէ՛ր, այս դրօշը, որ Արցախէն բերած ենք, կը փափաքինք ձեզի փոխանցել՝ այն յոյսով, որ մօտիկ ապագային, ձեր ձեռքով, զայն կը ծածանեցնէք Արցախի մէջ»։
Հուսկ, Արամ Ա. կաթողիկոսը ուղղեց իր հայրապետական պատգամը։ Ան ըսաւ, որ պատմութիւնը կը վկայէ, որ ազգեր կ՛անմահանան իրենց արժէքներով եւ իտէալներով, իսկ անկախութիւնը ազգի մը գերագոյն եւ սրբազան արժէքն է։ Ան յայտնեց, որ հայ ժողովուրդը, իր ծագումէն ի վեր, ազատատենչ եղած է եւ միշտ ալ պայքարած է վասն անկախութեան։ «Անկախութեան ոգին, տեսիլքը եւ մանաւա՛նդ անկախութիւն իրագործելու հաւաքական նուիրումն ու վճռակամութիւնը, հայոց պատմութեան մէջ եղած է տիրական եւ առանցքային ներկայութիւն» ըսելով ակնարկեց, որ պարտութիւններ կրելով հանդերձ՝ միշտ վառ մնացած է հայրենիքը վերակերտելու հայ ժողովուրդի կամքը։
Վեհափառը շեշտեց պատմութեան դառնալու եւ անկէ բխած պատգամին ականջալուր ըլլալու հրամայականը, որպէսզի կարելի ըլլայ պատմութեան ոգին մեր հաւաքական եւ անհատական կեանքին մէջ ապրիլ։ Ան ընդգծեց, որ Մայիս 28ը սոսկ ամեակ մը չէ, այլ մեր պատմութեան բոլոր ժամանակներուն ամէնօրեայ պատգամ է. «Փաստօրէն, այսօր մեր ժողովուրդը շրջապատուած է ահաւոր տագնապներով եւ լուրջ մարտահրաւէրներով։ Հայաստանի ապագան այսօր հարցականի տակ է։ Հայաստանի գոյութիւնը վտանգուած է։ Որեւէ ժամանակէ աւելի այսօ՛ր կոչուած ենք Հայաստանի անկախութիւնը հզօրացնելու՝ Հայաստանի ամբողջականութիւնը պահելով ամուր, անվտանգութիւնը՝ հզօր, եւ մեր ժողովուրդին միասնականութիւնը՝ աւելի ամրապնդուած»։ Հայրապետը ընդգծեց, որ բաւարար չէ անկախութիւն ունենալ, պէտք է զայն պահել եւ այդ կ՚ենթադրէ հաւաքական հաւատք, նուիրում ու պայքար։
Իր պատգամը ուղղելով հայրենի մեր ժողովուրդի զաւակներուն՝ հայրապետը ըսաւ. «Սա պահուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նստավայրէն պատգամ մը կ՛ուղղեմ հայրենի մեր ժողովուրդին։ Ճի՛շդ է, Հայաստանի անկախութեան հզօրացումը իւրաքանչի՛ւր հայուն պարտքն է, ամէ՛ն տեղ, սակայն առաջին հերթին հայրենի մեր ժողովուրդին պարտքն է։ Սփիւռքի մէջ, երբ Հայաստանի անկախութիւնը դարձաւ պատմութիւն, մենք եռագոյն դրօշին տէ՛ր դարձանք, որովհետեւ եռագոյնին մէջ տեսանք մեր անկախութեան ոգին եւ անկախութեան հաւատարիմ ըլլալու մեր կամքը մնաց ամուր։ Սովորական դրօշ չեղաւ մեզի համար եռագոյնը, այլ ուզեցինք անոր պատկերով, հաւատքով, ոգիով, տեսլականով ու երազով տեսնել ազատ-անկախ Հայաստանը։ Հետեւաբար, կը կրկնեմ, ճակատագրական օրեր եւ ժամանակներ ապրող Հայաստանը՝ ի՛ր ժողովուրդով, եւ Սփիւռքը եւ մեր համայն ազգը, կոչուած է ամուր պահել Հայաստանի անկախութիւնը՝ ինչ որ մենք ժառանգեցինք մեր պապերէն։ Հայաստանի անկախութիւնը, որպէս սրբազան արժէք, պէտք է մնայ ամո՛ւր եւ ամբողջակա՛ն»։
Հանդիսութիւնը աւարտեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոսին «Պահպանիչ» աղօթքով եւ Հայրապետական մաղթերգի միաբերան երգեցողութեամբ։