Մայիս 17էն 20 տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական միութեան (ԳԵՄ) տարեկան համագանտական սեմինարը։ Գանատայի տարածքի բոլոր մասնաճիւղերէն առաւել քան 130 երիտասարդներ խմբուեցան Օնթարիօ նահանգի Քրիսթի Լէյք բանակավայրին մէջ։ Այս տարուան սեմինարի նիւթն էր՝ արդի քաղաքական եւ քարոզչական պատերազմը։
Ըստ աւանդութեան՝ Շաբաթ առաւօտեան, սեմինարը սկիզբ առաւ դրօշակի արարողութեամբ՝ Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններու քայլերգերով։ Օրուան առաջին դասախօսն էր Հայ Դատի Օթաուայի Գրասենեակի տնօրէն Սեւակ Պէլեան։ Ան վարեց զրոյց մը՝ շեշտելով քաղաքական գետնի վրայ հայ երիտասարդութեան ներկայութեան կարեւորութիւնը։ Ապա, Հայ Դատի Ուաշինկթընի գրասենեակի աշխատակից Ալեքս Կալիցքի դասախօսութիւն մը տուաւ Հայ Դատի Ուաշինկթընի գրասենեակի տարած աշխատանքներուն մասին։ Ան եւս վարեց «lobbying»ի վերաբերեալ աշխատանոց մը, որուն ընթացքին երիտասարդները Հայ Դատի ներկայացուցիչի դերը ստանձնելով՝ պէտք է պաշտպանէին Արցախի եւ արցախցիին դատը։ Առաջին օրը իր լրումին հասաւ «Մշակ Բանուոր» քայլերգով։
Ջերմ մթնոլորտէն ներշնչուած, ընկերները հաւաքուեցան խարոյկին շուրջ եւ միասնաբար երգեցին յեղափոխական եւ հայրենասիրական երգեր։
Կիրակի օրուան առաջին պատգամաբերը եղաւ ՀՅԴ Երիտասարդական գրասենեակի խորհուրդի անդամ Տիգրան Խոտանեան։ Ան բացատրեց ընկերային ցանցերու օգտագործման կարեւորութիւնը Հայ Դատի քարոզչութեան տարածման ծիրին մէջ։
Վերջապէս, սեմինարի վերջին դասախօսն էր Կէվ Իսքաճեան, որ եղած է Հայ Դատի Արցախի գրասենեակի տնօրէն եւ այժմ կը գործէ իբրեւ Հայ Դատի Ուաշինկթընի գրասենեակի աշխատակից։ Ան պատմեց Արցախի շրջափակման ընթացքին իր փորձառութեան մասին։