Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Ատրպէյճանի Անկախութեան օրուան առիթով յղած շնորհաւորական իր ուղերձին մէջ կ՛ըսէ, որ Ուաշինկթըն կ՛ողջունէ կայուն խաղաղութեան ուղղութեամբ Ատրպէյճանի ու Հայաստանի իշխանութիւններուն քայլերը եւ պատրաստ է աջակցիլ անոնց:
Ան նաեւ կը նշէ, որ Ուաշինկթըն կը միտի զարգացնել գործընկերութիւնը Ատրպէյճանի ժողովուրդին հետ ու ամրապնդել անոնց հետ կապերը: «Կը գնահատենք Ատրպէյճանի մարդասիրական օգնութիւնը Ուքրանիոյ՝ իբրեւ կարեւոր փրկօղակ ընդդէմ Ռուսիոյ դաժան պատերազմին», կը գրէ Պայտըն:
«Միացեալ Նահանգները կը հաստատէ իր աջակցութիւնը Ատրպէյճանի անկախութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան», կը նշուի նամակին մէջ, ուր անդրադարձ կայ նաեւ տարածաշրջանի ուժանիւթային ապահովութեան եւ բնական կազի «Հարաւային միջանցք»ի զարգացման: