
Փասատինայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ որոշած է զօրակցիլ Փասատինայի Միացեալ Կրթաշրջանի վարչութեան (6րդ ընտրաշրջան) ընտրութիւններուն մասնակցող Լիսա Էն Քրոսի ընտրապայքարին։
«Քրոս մօտէն ծանօթ է կրթաշրջանի հարցերուն եւ ունի զանոնք դարմանելու գործնական ծրագիրներ, որոնցմէ պիտի օգտուին նաեւ շրջանի հայ աշակերտները», կը յայտնէ Փասատինայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ Մարիա Էքիզեան։
Քրոս շնորհակալութիւն յայտնեց այս զօրակցութեան համար։
Ներկայիս Փասատինա բնակող Քրոս անցեալին եղած է Փենսիլվենիոյ նահանգային Ծերակոյտի Կրթական յանձնախումբի խորհրդական եւ ներկայացուցիչ՝ Նիւ Եորքէն քոնկրեսական Քրիսթըն Ճիլիպրենտին։