
ՌԱՖՖԻ ԱՐՏԱԼՃԵԱՆ
ՆԱԽԱԲԱՆ
2020ի աւերիչ պատերազմէն ետք, Հայաստան կը շարունակէ գտնուիլ ազգային ճգնաժամի մը եւ ներքին ցնցումներու մէջ, սակայն հայ-թուրանական հակամարտութեան եւ պատերազմէն քաղուելիք դասերու համապարփակ եւ լուրջ գնահատականը հայ քաղաքական միտքի շրջանակներուն մէջ տակաւին կը բացակայի:
Քաղաքական բեւեռացումը եւ անտարբերութիւնը թափանցած են հայ հասարակութեան զանազան շերտերը, յաճախ ստուեր նետելով կարեւոր պետական եւ ազգային խորքային հարցերու վրայ, որոնք անյետաձգելի լուծումներ կը պահանջեն՝ անկախ քաղաքական պատկանելիութենէ:
Այս յօդուածը նպատակ ունի շեշտել այդ անտեսուած հարցերէն մէկը՝ բռնի կերպով տեղահանուած արցախահայութեան ծանր վիճակը, որ արդէն գրեթէ մէկ տարիէ ի վեր կ՝ապրի իբրեւս փախստական Հայաստանի մէջ. օրին այս ճգնաժամին մասին գրած էի:
Սեպտեմբեր 2023ին, Հայաստան դիմագրաւեց Արցախի 100 հազար փախստականներու զգալի հոսքը, որ կը յիշեցնէ 1988-1990 եւ 1992-1993 թուականներու նախկին տեղահանուածներու ալիքները ։ Ժամանակակից պատմութիւնը, ներառեալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, կ՛ապացուցեն պետական դերակատարներու կողմէ կրկնուող ցեղային զտումներու ցեղասպանական փորձերը՝ անտեսելով իրենց միջազգային պարտաւորութիւնները: Այս ցեղասպան վտանգին դիմաց, հայկական պետականութիւնը բարոյական պարտաւորութիւնը ունի աջակցելու Արցախէն բռնի կերպով տեղահանուած անձերուն։
Յանկարծակի մարդկային այս ներհոսքը զգալի մարտահրաւէրներ յառաջացուց Հայաստանի համար, որ արդէն կը դիմագրաւէր իր սեփական ընկերային-տնտեսական հարցերը:
Տեղահանուածներու կարիքները բազմակողմանի են եւ եւ բարդ. անոնք կը պահանջեն համակարգուած եւ ռազմավարական արձագանգ: Այս կարիքները ազդուօրէն լուծելու համար, Հայաստանի համար հրամայական է «տեղահանուածներու նախարարութեան» մը հիմնադրութիւնը: Այս նախարարութեան միջոցաւ, կարելի կ՛ըլլայ մասնագիտացնել եւ «ինստիտուցիոնալացնել» (կառուցային դարձնել) տեղահանուածներու խնամքը, որ կը նմանի UNRWA-ի Պաղեստինի մէջ առաւել քան 70 տարիներու կենսական դերին. նաեւ այսպիսի նախարարութիւն մը կատարելապէս կրնայ ներգրաւել միջազգային նուիրատուներու եւ Հայկական Սփիւռքի դիմումները եւ մարդկային օգնութիւնը:
Անցնինք որոշ հիմնաւորումներու եւ նախագծային-կազմակերպչական նախնական մանրամասնութիւններու այս առաջարկուող նախարարութեան մասին. այստեղ արծարծուած միտքերը սկզբնաւորական են եւ կարիքը ունին յաւելեալ լրացուցիչ վերլուծութեան:
ՏԵՂԱՀԱՆՈՒԱԾ ԱՆՁԵՐՈՒ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ՍՏԵՂԾՄԱՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ. «ԻՆՍՏԻՏՈՒՑԻՈՆԱԼԱՑՈՒՄ»
Տեղահանուած անձերու նախարարութեան մը կազմութիւնը կարեւոր քայլ մը կրնայ ըլլալ Հայաստանի մէջ հայ տեղահանուածներու խնամքի մասնագիտացման եւ կառուցային դարձնելու ուղղութեամբ: Այս նախարարութիւնը նուիրուած կ՛ըլլայ տեղահանուած անձերու բազմաթիւ կարիքներու լուծման, ներառեալ՝ բնակարանային, առողջապահական, կրթական եւ ընկերական զբաղուածութեան եւ հոգեբանական աջակցութեան: Բացի այդ, նախարարութիւնը նաեւ կրնայ վաւերագրել տեղահանուած անձերու վերաբերեալ կարեւոր մանրամասնութիւններ, ինչպէս՝ Արցախ մնացած իրենց ունեցուածքի գույքագրումը, իրադարձութիւններու ժամանակագրութիւնը, ականատեսներու վկայութիւնները եւ տեղահանուած անձերու տուեալներու խարիսխի պահպանումը:
Այս կարիքներու մասնագիտացուած բնոյթը կը պահանջէ նուիրուած մարմին մը՝ որ ունի փորձագիտութիւն եւ հնարք՝ համապարփակ աջակցութիւն տրամադրելու համար: Առանց այսպիսի հաստատութեան մը, այսօրուան բազմահատ եւ ժամանակաւոր ջանքերը կը վրիպին, եւ անմիջական կարիքները կը մնան չբաւարարուած, որ կրնայ յանգեցնել բազմաթիւ տեղահանուած անձերու այլուր գաղթին ՝ աւելի լաւ հնարաւորութիւններ փնտռելու:
Այսօր չունինք այս հարցով հիմնական ռազմավարութիւն մը, համադրող եւ պատասխանատու լուրջ մարմին մը. ունինք զանազան կարծիքներ եւ յոխորտանք. ունինք չհամադրուած եւ անհաստատելի բազմաբեկոր ջանքեր, եւ, վերջապէս, ունինք աւելի շատ իրենց ապագայով մտահոգ արցախահայութիւն. Տեղահանուած անձերու նախարարութեան կամութիւնը առաջին քայլն է՝ այս հարցով ազգովին լուրջ պատասխանատուութիւն վերցնելու. այս հիմնական առաջին քայլին մէջ է այս նախարարութեան կարեւորութիւնը:
ԿԵԴՐՈՆԱՑԱԾ ԵՒ ՀԱՄԱԿԱՐԳՈՒԱԾ ՋԱՆՔԵՐ. ԴԱՍԵՐ ՔԱՂԵԼ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՀԱՄԱԲՆԱԳԻՐԷՆ
Հայաստանի Հանրապետութիւնը հայ տեղահանուածներու հոսանքներու ճգնաժամերուն ոչ-ատակ արձագանգելու պատմութիւն ունեցած է՝ յաճախ պայքարած ըլլալով Իրաքէն, Սուրիայէն եւ Ատրպէյճանէն հայ տեղահանուածներու կարիքները հոգալու օրերուն: Աւելին, ժամանակակից հայոց պատմութեան մէջ հայ գաղթականութեան աջակցութեան միակ լուրջ գործը կատարած են օտարները` Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյց մարդասիրական կազմակերպութեան միջոցով:
Անցեալի այս ձախողութիւնները կ՛ընդգծեն փախստականներու խնամքին նկատմամբ աւելի կառուցուածքային եւ համակարգուած մօտեցման անհրաժեշտութիւնը հայութեան եւ Հայաստանի կողմէ. տեղահանուած անձերու նախարարութեան կազմութիւնումը Հայաստանին կ՛ապահովէ անցեալի սխալները չկրկնելը եւ աւելի լաւ պատրաստ ըլլալը՝ դիմակայելու այսօրուան պատմական եւ ապագայ ճգնաժամերը:
Կեդրոնացած մարմինը կարեւոր նշանակութիւն ունի կառավարման զանազան ոլորտներու եւ մակարդակներու ջանքերը համակարգելու համար:
Տեղահանուած անձերու նախարարութիւնը կը ծառայէ՝ իբրեւ տեղահանուած անձերուն վերաբերող բոլոր գործողութիւններու համակարգող կեդրոն՝ ապահովելով ջանքերու անօգուտ կերպով չկրկնուիլը եւ սակաւ միջոցներու արդիւնաւէտ օգտագործումը: Ինչպէս յիշեցինք, այս նախարարութիւնը նուիրուած կ՛ըլլայ տեղահանուած անձերու բազմաթիւ կարիքներու լուծման:
Սեպտեմբեր 2023էն ետք, Եւրոպական Միութիւնը (ԵՄ), Միացեալ Նահանգները եւ զանազան երկիրներ եւ կազմակերպութիւններ օգնութիւն տրամադրեցին Հայաստանին՝ Արցախէն տեղահան եղած ժողովուրդին աջակցելու համար։ Այս օգնութիւնը կ՛ուղղուի Հայաստանի կառավարութեան եւ իր զանազան նախարարութիւններու հասարակական կազմակերպութիւններու միջոցով։ Այլ նուիրատուներ, ներառեալ Հայկական Սփիւռքը, նոյնպէս նախաձեռնեցին իրենց օգնութեան դրամահաւաքի արշաւներուն։ Այս բազմահատ ջանքերը կեդրոնացնելով ՝ տեղահանուած անձերու նախարարութիւնը կ՛ապահովէ աւելի համահունչ եւ գոհացուցիչ արդիւնք՝ համադրելով բոլոր տրամադրուող օգնութիւնները: Բռնի կերպով տեղահանուած արցախահայութեան օգնութեան բարթ աշխատանքը պէտք է անպայման կեդրոնացած պետական մտածողութեամբ ըլլայ եւ ոչ թէ բազմահատ նախարարութիւններու երկրորդական ջանքերով կամ միջազգային կամ սփիւռքեան կազմակերպութիւններու սահմանափակ եւ չհամադրուած կամաւորական գործով:
Բացի այդ, առաջնային է տեղահանուած անձերու իրաւունքներու ապահովութիւնը, ներառեալ՝ Արցախի հայկական լեռնաշխարհի բնիկ ժողովուրդին վերադարձի հիմնարար իրաւունքը: Տեղահանուած անձերու նախարարութիւնը կրնայ ստանձնել այս իրաւունքներու պաշտպանութիւնը՝ նոյն ատեն աշխատելով տեղահանուած անձերը հայ հասարակութեան մէջ ներառելու ուղղութեամբ: Հոս, խօսքը տեղահանուած անձերուն լայն իրաւական օգնութիւն տրամադրելուն մասին է:
Միտքը այն է՝ որ այս նախարարութեան ստեղծումը նաեւ կը ստեղծէ գիտելիքներու եւ լաւագոյն փորձառութեան շտեմարան մը՝ ապահովելով, որ այս ճգնաժամէն քաղուած դասերը կ՛ուղղեն հետագայ ճգնաժամերու մեր հաւաքական պիտանի պատասխանները: Ժամանակը էական է. յատուկ նախարարութեան կազմութիւնը յետաձգելը կը սպառնայ Արցախի բնակչութիւնը կորսնցնել, անոնց՝ Հայաստանէն դուրս արտագաղթելով:
ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄՈՒԹԵԱՆ ԱՐԱԳ ՔԱՅԼԵՐ՝ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆ
Վերջին ամիսներուն յստակ դարձաւ, որ ո՛չ իշխանութիւնը, ո՛չ ընդդիմութիւնը, ո՛չ պետութիւնը, ո՛չ Արցախի տարագիր ղեկավարութիւնը, ո՛չ Հայ եկեղեցին, ո՛չ ալ Հայաստանի մէջ «փափուկ ուժի համար արտաքին օգնութիւն օգտագործող մեր «բարեկամ օտար երկիրները» որեւէ լուրջ ծրագիր ունին բռնի կերպով տեղահանուած արցախահայութեան աղէտին կարճ եւ երկարաժամկէտ լուծման համար:
Ժամանակը էական է. արագ եւ համակարգուած գործը կենսական նշանակութիւն ունի՝ անբաւարար աջակցութեան պատճառով տեղահան եղած անձերուն՝ արտասահմանի մէջ աւելի լաւ հնարաւորութիւններ փնտռելու ընթացքը սանձելու համար:
Տեղահանուած անձերու նախարարութեան արագ կազմութեան համար այս հարցին հրատապութեան շուրջ ազգային համաձայնութեան (քոնսենսուսի) յառաջացումը գոյացական է: Թէ՛ ընդդիմութիւնը, թէ՛ իշխող կուսակցութիւնը, թէ՛ Արցախի տարագիր ղեկավարութիւնը, թէ՛ Սփիւռքի մարդասիրական կազակերպութիւնները պէտք է գիտակցին անոր կարեւորութեան եւ միաւորուին՝ աջակցելու անոր կազմութեան համար, Արցախէն տեղահան եղած անցերուն ճգնաժամը դիտարկելով իբրեւ «անկուսակցական հարց», որ կը պահանջէ անյապաղ եւ միասնական համահայկական գործ: Քաղաքական առաջնորդները պէտք է մէկ կողմ դնեն իրենց տարաձայնութիւնները եւ արագ գործեն՝ նկատի ունենալով իրավիճակի ժամանակային բնոյթը:
Յաջորդ քայլերը կը ներառեն նախարարութեան կազմութեան համար օրէնսդրութեան մշակումը եւ արագ վաւերացումը, ապա ատակ նախարարի մը նշանակումը, պիւտճէի յատկացումը, գրասենեակներու բացումը եւ անձնակազմի համալրումը: Օրէնսդրութիւնը պէտք է յստակօրէն սահմանէ նախարարութեան լիազօրութիւնը, կառոյցը եւ գործառնութիւնները՝ սկիզբէն արդիւնաւէտ էութիւն ապահովելու համար:
Բացի այդ, յստակօրէն սահմանուած կազմակերպական կառուցուածքի հաստատումը կարեւոր է նախարարութեան յաջողութեան համար։ Պէտք է հիմնուին բաժիններ, որոնք կը կեդրոնանան տեղահան եղած անձերու խնամքի զանազան երեսներուն վրայ, օրինակ՝ հասարակութեան հետ կապեր, բնակարանային, առողջապահական, կրթական, աշխատանքները եւ իրաւական կողմը:
Դրամահաւաքի եւ նուիրատուներու ներգրաւման համար յատուկ խումբը նոյնպէս կարեւոր է բաւարար միջոցներ ապահուելու համար: Հոս, UNRWA-ի Պաղեստինի մէջ առաւել քան 70 տարիներու օրինակը շատ պատշաճ է:
Ներառական ընդհանուր մօտեցումը կենսական նշանակութիւն ունի՝ տարբեր շահագրգիռ կողմերը ներգրաւելով նախարարութեան ծրագրումին եւ իրականացման ընթացքին: Այստեղ պէտք է ներառուին միջազգային կազմակերպութիւնները, քաղաքացիական (Հայաստանի եւ Սփիւռքի) կազմակերպութիւնները, փորձագէտներ, եւ ընդհանրապէս Ացախի համայնքին մէջ գործող ընկերային-քաղաքական վերնախաւը: Ընդգրկելով ներառական մօտեցում՝ նախարարութիւնը պիտի ապահովէ, որ բոլոր շահագրգիռ կողմերու ձայները եւ կարիքները լսուին եւ հասցէագրուին՝ խթանելով գործակալութեան եւ համագործակցութեան զգացումը, որոնք կարեւոր են յաջողութեան համար:
Նախարարութեան կազմութեան համար էական նշանակութիւն ունի նաեւ ծրագիրին հնարաւոր ընդդիմախօսներու դիմելը: Տեղահան եղած անձերուն վերաբերող զանազան մօտեցումներ կրնան էական խոչընդոտներ հանդիսանալ: Բռնի կերպով տեղահանուած եւ Հայաստան ապաստանած Արցախի հայութեան՝ Հայաստանի մէջ վերաբնակեցումը բոլոր կողմերուն կողմէ (խորհրդարանական, արտախորհրդարանական ընդդիմութիւն, իշխանւթիւն եւ այլն) պէտք է դիտուի Հայաստանի ժողովրդագրական տագնապի հնարաւորութեան ակնոցով. բոլորը պէտք է աջակցին նախարարութեան կազմութեան։ Բացի այդ, առաւել քան 100,000 տեղահանուած անձերու վերաբնակեցման ճգնաժամին կառուցային լուծում տալը, Արցախի հիմնահարցը կենդանի պահելու ռազմավարական միջոց է՝ առանց զայն զիջելու: Առանց անմիջական համապարփակ լուծման մը մօտեցումի մը պարագային, փախստականները ժամանակի ընթացքով դուրս կու գան Հայաստանէն՝ շարունակելով իրենց պատմական ելքը հայկական լեռնաշխարհէն եւ ընթացք տալով համաթուրանական ցեղային զտման:
Ոչ բռնի բախումները քաղաքական հայեացքներու շուրջ ողջունելի են որեւէ ընկերութեան մը մէջ: Երկարաժամկէտ հեռանկարի մը վրայ անիկա կը նպաստէ հասարակութիւններու յառաջընթացին եւ զարգացման։ Այնուամենայնիւ, մեր պարագային, հիմնականը այն է, թէ ինչպէ՛ս կարելի է ներազգային վէճերըը կառուցողական կերպով օգտագործել աւելի բարձր բարիքի մը համար: Զանազան առնչակից խումբեր ներգրաւելով կառուցողական երկխօսութեան մը մէջ եւ յատուկ հարցերու ընդհանուր եզրեր փորձել գտնելով՝ հայ քաղաքական միտքը այսօր կրնայ տարագիր արցախահայութեան ճգնաժամը լուծելու առաջին քայլը առնել, «Տեղահանուած անձերու նախարարութիւն»ը կազմելով: Այս համագործակցային մօտեցումը կրնայ յանգեցնել նորարարական լուծումներու, որոնք օգուտ կը բերեն թէ՛ տեղահան եղած անձերուն եւ թէ Հայաստանին, վերջապէս ամրապնդելով Հայաստանի ընկերային կառոյցը եւ նպաստելով երկարաժամկէտ հասարակութեան կայունութեան եւ բարգաւաճման:
Արցախահայ տեղահանուածներու Հայաստանի մէջ վերաբնակեցումը եւ համարկումը կրնան զգալի տնտեսական եւ ընկերային օգուտներ ունենալ նաեւ Հայաստանի համար։ Տեղահան եղած անձերը կրնան նպաստել տնտեսութեան՝ լրացնելով աշխատուժի բացը, գործառնութիւններ հիմնելով եւ պետական հարկեր վճարելով։ Անոնք կրնան նաեւ հարստացնել հայ հասարակութիւնը` բերելով զանազան հմտութիւններ եւ մշակույթ: Վերը յիշուած առաւելութիւնները ցուցարկելով՝ առաւել եւս կ՝ուժեղանայ տեղահանուած անձերու նախարարութիւն մը կազմելու միտքը։
ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ
Եզրափակելով, բռնի կերպով տեղահանուած արցախահայութեան աղէտի օգնութեան հոսքերը մինչեւ այսօր «ժամանակաւոր խայծեր են». տեղահանուած անձերու կարիքները բազմակողմանի եւ բարդ են. այս մարտահրաւէրը կարելի չէ դիմագրաւել բազմահատ եւ ոչ-համադրուած մօտեցումով. հայութեան անցեալի տեղահանուածներուն հասնելու եւ Հայաստանի մէջ վերաբնակեցման փորձերը յուսադրիչ չեն եղած:
Հայաստանի մէջ «տեղահանուած անձերու նախարարութեան» մը կազմութիւնը կենսական եւ հրատապ քայլ է 2023ին Արցախէն տեղահանուած անձերու հոսքի կարիքները փորձել լուծելու համար։ Այս նախարարութիւնը կրնայ մասնագիտական դարձնել եւ կեդրոնացնել տեղահանուածներու խնամքը՝ ապահովելով համակարգուած եւ արդիւնաւէտ արձագանգ մը: Անիկա նաեւ կրնայ բարձրացնել միջազգային նուիրատուներու հետ համագործակցելու եւ տեղահան եղած անձերու իրաւունքները պաշտպանելու Հայաստանի կարողութիւնը:
Այս հարցին շուրջ ներազգային համաձայնութեան մը ձեւաւորումը եւ այս նախարարութեան մը կազմութեան միտքին շուրջ արագ ընթացքը ոչ միայն կ՛անդրադառնան անմիջական ճգնաժամին, այլ նաեւ հիմք կը դնեն աւելի հուժկու ապագայ տեղահանուած ժողովուրդի մը երկարատեւ պայքարին համար:
Առաւել քան 100,000 արցախահայութիւն մեծապարփակ վերաբնակեցման ծրագիրը ժամանակի առումով զգայուն հնարաւորութիւն է, զոր Հայաստան պէտք է օգտագործէ. տեղահանուած անձերու նախարարութիւն կազմութիւնը անոր ամէնէն արդիւնաւէտ միջոցն է:
Առանց լուրջ, կեդրոնացած եւ համապարփակ պետական մօտեցումի մը, մասնատուած ջանքերը կը ձախողին, եւ մեծ թիւով տեղահան եղած անձեր հնարաւորութիւններ փնտռել արտագաղթելով՝ այժմէական «տեղահանուած անձերու նախարարութիւն»ը դարձնելով հրամայական մը: Աւելին, այս ճգնաժամին կառուց ային լուծում մը տալը կարեւոր է Արցախի ժողովրդի պատմական իրաւունքներու եւ ժառանգութեան պահպանման համար, ապահովելով, որ անոր վիճակը չդառնայ ցեղային զտումներու մոռցուած այլ էջ մը հայոց եւ մարդկութեան պատմութեան մէջ:
Ճգնաժամային պահը հասած է Հայաստանի մէջ տեղահանուած անձերու նախարարութիւն մը հիմնելու. իսկ այս մարտահրաւէրը եթէ հայ քաղաքական միտքը լրջօրէն չդիմագրաւէ հարցին հրատապութեան շուրջ՝ «ան կուսակցական» ազգային համաձայնութիւն ստեղծելով եւ շտապ գործի մղուելով, վա՜յ մեզի: