
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Տռփախտը ցպկային-մանրէական բորբոքում մըն է, որ ունի երեք հանգրուաններ․
– Առաջին հանգրուանին երեւան կու գայ կարմիր վէրք մը առնանդամին եւ սրբանին վրայ տղամարդոց մօտ, իսկ կիներուն մօտ կը յայտնուի հեշտոցին եւ կամ արգանդավիզին վրայ: Երկու սեռերուն մօտ ալ այս վէրքը կարելի է տեսնել մատներու, բերնի, լեզուի, շրթունքի եւ կոկորդի վրայ: Կարմիր վէրքը կը յայտնուի ցպիկներու ներմուծումէն չորս շաբաթ ետք եւ կը սպիանայ 4-8 շաբաթներու ընթացքին: Այս միջոցին տեղայնական աւշագեղձերը (lymph nodes) կը խոշորնան, կը բորբոքին, սակայն ցաւ չեն պատճառեր:
– Երկրորդ հանգրուանին երեւան կու գան մորթային տարածուն կարմրութիւններ՝ բորբոքումին սկսելէն 6-12 շաբաթներ ետք, որոնք կ՛ըլլան անցողակի եւ կամ մնայուն՝ ամիսներ ամբողջ: Այս մորթային կարմրութիւններուն հետ միատեղ, պարագաներուն 80 տոկոսին մօտ կը տեսնուին վէրքեր՝ բերնին եւ կոկորդին մէջ եւ ընդհանրական (general) աւշագեղձերու ծաւալում 50 տոկոսին մօտ: Այս ժամանակամիջոցին ենթական կրնայ ունենալ զանազան տեսակի ախտանշաններ: Երկրորդ հանգրուանը կրնայ տեւել տարիներ եւ կամ ամբողջ կեանքի ընթացքին: Lաւապէս դարմանուած պարագաները երրորդ հանգրուանը չեն անցնիր:
– Երրորդ հանգրուանը կը սկսի բորբոքումը սկսելէն 3-10 տարիներ ետք: Որոշ վէրքեր կը յայտնուին մորթին, բերնին, կոկորդին, քիթին, խռչափողին եւ քիմքին վրայ, կամ՝ մէջը, որոնց պատճառով քիթին խորշապատը (septum) եւ քիմքը կրնան ծակիլ եւ մնալ ծակ շարունակ: Նոյնանման վէրքեր կը տեսնուին ոտքերու, դէմքի, եւ գլխուն վրայ, ինչպէս նաեւ ստամոքսի, լեարդի, թոքերու, եւ աչքերու վրայ: Այս հանգրուանին զանազան վատ եւ մտահոգիչ բարդութիւններ կը տեսնուին սրտին եւ ուղեղին մէջ:
Այս հիւանդութիւնը բարձրօրէն փոխանցիկ է: Այս մէկը տեղի կ՛ունենայ սեռային յարաբերութեամբ, բերնի եւ շրթունքի միջոցաւ՝ համբոյրով, ինչպէս նաեւ մարմնական հպումով ու շփումով: Միասեռական տղամարդիկ առաւելագոյն չափով վտանգաւոր/ած են եւ անոնք մեծ հաւանականութիւն ունին փոխանցելու հիւանդութիւնը ուրիշին եւ կամ ուրիշէն ստանալու հիւանդութիւնը:
Տռփախտի ախտաճանաչումը կը կարօտի լուրջ, հետեւողական տարրալուծարանային քննութիւններու, որոնցմէ կարեւորագոյնն է VDRL քննութիւնը: Առաջին եւ երկրորդ հանգրուաններու դարմանումի ընթացքին, հիւանդին հետ սեռային յարաբերութիւն ունեցողներ նոյն ձեւով ենթարկուելու են լուրջ ախտաճանաչումի եւ դարմանումի:
Առաջին եւ երկրորդ հանգրուաններուն, եթէ դարմանումը չկատարուի լաւ ձեւով, վարակուած անձերը շատ դիւրաւ կրնան հիւանդութիւնը փոխանցել ուրիշներու: Երրորդ հանգրուանին հիւանդութիւնը փոխանցիկ չէ:
Տռփախտի դարմանումը տեղի կ՛ունենայ penicillin-ով եւ հազուագիւտ պարագաներու՝ այլ հակամանրէական դեղերով:
Առաջին եւ երկրորդ հանգրուաններուն մէջ դարմանումը կիրարկելէ ետք, շարունակական տարրալուծարանային քննութիւններ պարտադիր են մինչեւ 1.5 տարի: Կանոնաւոր դարմանումէ ետք, բոլոր վէրքերը եւ ախտանշանները կ՛անհետանան եւ տարրալուծարանային քննութիւնները ընդհանրապէս կը դառնան բնական 9-12 ամիսներ ետք: Իսկ եթէ քննութիւնը տարի մը ետք մնայ դրական, դարմանումը երկրորդ անգամ կը դառնայ պարտաւորիչ:
Ամէն տարի 50-60 միլիոն անձեր, որպէս նոր պարագաներ կը տառապին այս փոխանցիկ հիւանդութենէն, աշխարհի ամբողջ տարածքին:
Կարելի՞ է նուազեցնել տռփախտի յաճախականութիւնը: Անշուշտ կարելի է, հետեւելով շարք մը թելադրութիւններու.
1. Հեռու մնալ ոչ-ամուսնական սեռային յարաբերութենէ եւ ոչ-ընդունուած ու անբնական սեռային յարաբերութեան ընթացքներէ:
2. Լաւ գիտնալ տռփախտի ախտանշանները:
3. Դաստիարակել անչափահաս սերունդը եւ տալ անոնց անհրաժեշտ առողջ եւ բնական սեռային յարաբերութեան գիտելիքները:
4. Լաւ ճանչնալ ընկերակիցը։
5. Ընկերակցիլ միայն առողջ անհատի մը հետ։
6. Հեռու մնալ մէկէ աւելի անձերու հետ սեռային յարաբերութիւն ունենալէ։
7. Սեռային յարաբերութիւն չունենալ այս հիւանդութենէ տառապող անձի մը հետ։
8. Գործածել նախապատիկ (condom) սեռային յարաբերութեան ընթացքին երբ զոյգը անծանօթ է եւ կամ անոր առողջութիւնը կասկածելի է: