Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութիւնը (ՀԱՊԿ) Հայաստանի ղեկավարութենէն պարզաբանումներ կ՛ակնկալէ ՀԱՊԿին հետ կապերու հեռանկարին վերաբերեալ:
3 Յունիսին, Ալմաթիի մէջ ՀԱՊԿի Խորհրդարանական վեհաժողովին այս մասին ըսաւ կառոյցի ընդհանուր քարտուղար Իմանկալի Թասմակամպեթով:
«Վերջին մէկ տարուան ընթացքին մեր հայ գործընկերները զգալիօրէն կրճատած են իրենց մասնակցութիւնը կազմակերպութեան նախաձեռնութիւններուն, սակայն փոխգործակցութեան հիմնական գործիքակազմերը կը գործեն, իսկ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը մնայ կազմակերպութեան լիիրաւ անդամ: Մենք յոյս ունինք, որ Հայաստանի ղեկավարութիւնը յստակութիւն պիտի հաղորդէ ՀԱՊԿի հետ յարաբերութիւններու հեռանկարներուն գծով», յայտնեց ան։
Յիշեցնենք, որ Հայաստան վերջերս չի մասնակցիր ՀԱՊԿի կազմակերպած նախաձեռնութիւններուն՝ ո՛չ պետութիւններու ղեկավարներու, ո՛չ պաշտպանութեան նախարարութիւններու, ո՛չ ազգային ապահովութեան խորհուրդներու քարտուղարներու եւ ոչ ալ օրէնսդիրներու մակարդակով: