Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն իր նամակ-ուղերձին մէջ, որ ընթերցուեցաւ Պաքուի մէջ Կասպեան նաւթի եւ կազի 29րդ միջազգային ցուցահանդէսի (Caspian Oil & Gas) բացման արարողութեան, լը յայտնէ, որ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրութիւնը վերջ պիտի դնէ տասնամեակներ տեւած հակամարտութեան, ինչպէս նաեւ պիտի փոխէ Ատրպէյճանի եւ Հարաւային Կովկասի դերը համաշխարհային մակարդակով։
Ան կը հաստատէ, որ Միացեալ Նահանգները շահագրգռուած է տարածաշրջանին մէջ կայունութեան ապահովումով:
Ըստ Պայտընի՝ Միացեալ Նահանգները կ՛աջակցի այս գծով ջանքերուն եւ յաւակնութիւններուն ու ձեռք բերուած Հայաստան-Ատրպէյճան պայմանաւորուածութիւններուն: