Ատրպէյճանի խորհրդարանի երեսփոխան, այսպէս կոչուած «Արեւմտեան Ատրպէյճանի համայնք»ի խորհուրդի նախագահ Ազիզ Ալեքպերլի «կը սպառնայ» հրապարակել անունները 250,000 ատրպէյճանցիներու, որոնք, իբր թէ, ապրած են Հայաստանի մէջ եւ որոնց վերադարձին համար Ալիեւ ջանք կը թափէ Հայաստանի հետ բանակցութիւններուն ընթացքին։
«Մօտիկ ապագային մենք պիտի հրապարակենք այդ մարդոց ճիշդ թիւը եւ անունները, ինչպէս նաեւ «Հայաստանի» մեր այն գիւղերու, բնակավայրերու եւ քաղաքներու անունները, ուր Արեւմտեան Ատրպէյճանի ատրպէյճանցի բնակչութիւնը պետական մակարդակով ցեղասպանութեան ենթարկուած է 1987-1991 տարիներուն», ըսաւ Ալեքպերլի: