Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Կալուզին յայտնեց, որ Հայաստան արտաքին գործոց նախարարութեան եւ պաշտպանութեան նախարարութեան խողովակներով կը խուսափի Ռուսիոյ հետ կապ հաստատելէ՝ եղածը նկատելով Արեւմուտքի ճնշման արդիւնք:
«Թասս»ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին Կալուզին ընդգծեց, որ Նոյեմբեր 2023էն ի վեր, Հայաստանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումներ չեն եղած՝ աւելցնելով, թէ «գործընկերները շահագրգռուած չէին» արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ խորհրդակցութիւններու ծրագիր մշակելու եւ ստորագրելու Մոսկուայի առաջարկով:
«Մեր մեղքով չէ, որ պաշտպանութեան գերատեսչութիւններուն միջեւ կապերու աշխուժութիւնը նկատելիօրէն նուազած է: Նուազած է նաեւ ռազմական սարքերու վերաբերող համագործակցութիւնը: Մենք այդ մէկը կը տեսնենք իբրեւ ճնշման արդիւնք արեւմտեան երկիրներու, որոնք կը փորձեն Երեւանը ստիպել նուազագոյնի հասցնել Մոսկուայի հետ կապերը», նշեց Կալուզին, որ աւելցուց, որ խնդրայարոյց հարցերու ուղղութեամբ աշխատելու՝ Երեւանի մտադրութիւնները գործնական ընթացք կը ստանան: «Մենք պատրաստ ենք անոր», ընդգծեց ան։
«Մենք պատրաստ ենք շարունակելու ամբողջական աջակցութիւն ցուցաբերելու Ռուսիոյ երկու եղբայրական ժողովուրդներու հաշտեցման, նպաստելու փոխընդունելի եւ հաւասարակշռուած լուծումներու որոնման` ի նպաստ տարածաշրջանի բոլոր երկիրներու ապահովութեան ու բարգաւաճման», ըսաւ Կալուզին:
Ան դրական նկատեց խաղաղութեան պայմանագիրի մշակման նպատակով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Արարատ Միրզոյեանի եւ Ճէյհուն Պայրամովի 10-11 Մայիսին, Ղազախստանի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումները` շեշտելով, որ անիկա եւս կարեւոր քայլ մըն է Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն հաստատելու ճամբուն վրայ:
Ան բարձր գնահատեց նաեւ Ասթանայի դերը Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն համար:
«Կարեւոր է այսպիսի հանդիպումներու համահունչ ըլլալը 2020-2022 թուականներու բարձրագոյն մակարդակով եռակողմ համաձայնագիրներուն հետ, որոնք, բացի խաղաղութեան պայմանագիրի կնքումէն, կը նախատեսեն Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ երթեւեկի եւ տնտեսական կապերու ապաշրջափակում, համատեղ սահմանի սահմանազատում», ըսաւ Կալուզին: