Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Կալուզին յայտարարեց, որ Հայաստանի մօտ Ռուսիոյ դեսպան Սերկէյ Քոփիրկին (24 Մայիսին կանչուած էր Մոսկուա՝ խորհրդակցութիւններու) խորհրդակցութենէն ետք շուտով պիտի վերադառնայ Հայաստան, եւ որ յարաբերութիւններու մակարդակի նուազեցման մասին խօսք չկայ:
Ըստ «Ռիա Նովոսթի»ի՝ Կալուզին նշեց, թէ դեսպանին խորհրդակցութիւններու կանչելը սովորական դիւանագիտական գործընթաց է, որուն ծիրին մէջ ալ կանչուած է դեսպան Քոփիրկին: «Մենք այդ խորհրդակցութիւնները կատարեցինք: Ըստ այդմ, կը կարծեմ, թէ շատ շուտով կարելի է ակնկալել, որ Սերկէյ Փաւլովիչ պիտի վերադառնայ Երեւան եւ պիտի վերսկսի իր պարտականութիւններուն»:
Պատասխանելով երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու մակարդակի հնարաւոր նուազեցման վերաբերեալ հարցումին՝ Կալուզին վստահեցուց, որ այդ մասին բացարձակապէս խօսք չկայ: «Դեսպանը կանչած են խորհրդակցութիւններու, ան ետ չէ կանչուած: Ռուսիա ու Հայաստան դաշնակիցներ են, ռազմավարական գործընկերներ», յայտնեց ան:
Կալուզին յայտնեց, որ հակասութիւններ կը պատահին, «բայց այդ չի նշանակեր, թէ մենք կ՛իջեցնենք մեր յարաբերութիւններուն մակարդակը»:
Կալուզին խօսեցաւ նաեւ շրջանային հարցերու մասին՝ դիտել տալով, որ 3+3 ձեւաչափը, որուն աշխոյժ մասնակիցներն են Ռուսիա եւ Ատրպէյճան, կրնան տարածաշրջան բերել անոր անհրաժեշտ կայունութիւնը եւ ապահովութիւնը: Ան աւելցուց, որ արտատարածաշրջանային ուժերը, ինչպէս ցոյց կու տայ փորձառութիւնը, տարածաշրջանը կու գան իրենց անձնական եւ առճակատման օրակարգով: «Ատիկա կը խանգարէ մեր ընդհանուր հարցերու լուծման», նշեց ան:
Կալուզին ըսաւ, որ Մոսկուա եւ Պաքու կը քննարկեն Ատրպէյճանի մէջ Ռուսիոյ գլխաւոր հիւպատոսութիւններու հաստատման հարցը՝ աւելցնելով, թէ Ռուսիա այս հարցով յաջողութեան յոյս ունի:
Ան չյստակացուց, որ Մոսկուա ո՛ւր կ՛ուզէ հիւպատոսութիւններ բանալ: Նախորդ օրերուն Ռուսիոյ խորհուրդի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Կրիկորի Կարասին յայտարարեց, որ Ռուսիա մտադիր է բռնագրաւուած Ստեփանակերտի մէջ Գլխաւոր հիւպատոսութիւն բանալ եւ այս հարցով կ՛ակնկալէ Ատրպէյճանի գործակցութիւնը:
Ասոր զուգահեռ, Պաքուի մօտ Ռուսիոյ դեսպանը յայտարարեց, որ Ռուսիա պատրաստ է սահմանազատման գործընթացին մէջ խորհրդատուական օգնութիւն ցուցաբերելու Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին:
Ըստ «Թասս»ի՝ դեսպան Միխայիլ Եւտոքիմով վստահեցուց, որ Մոսկուա կ՛աջակցի Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման ու սահմանագծման շարունակական գործընթացին եւ կը կարծէ, որ անիկա պէտք է ըլլայ կայուն, հաւասարակշռուած եւ փոխադարձաբար ընդունելի:
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրութեան հեռանկարներուն վերաբերեալ Եւտոքիմով ըսաւ, որ անիկա կախեալ պիտի ըլլայ Երեւանի եւ Պաքուի քաղաքական կամքէն։ «Յոյս ունիմմ, որ շուտով անիկա տեղի պիտի ունենայ», եզրափակեց Եւտոքիմով: