Հայ Օգնութեան Միութեան ութերորդ միջազգային նաւապտոյտը մեծ յաջողութեամբ աւարտեցաւ եւ բոլոր մասնակցողները գոհ եւ լիցքաւորուած ՀՕՄի առաքելութեան եւ աշխատանքներուն մասին տեղեկութիւններով՝ վերադարձան իրենց բնակած երկիրները։
17էն 29 Ապրիլ տեւած պտոյտին, իրենց մասնակցութիւնը բերին 230 ՀՕՄի անդամներ եւ համակիրներ, որոնք եկած էին զանազան երկիրներէ։ Նաւապտոյտը կ՛ընդգրկէր երեք օր Արժանթին եւ երկու օր Պրազիլի մէջ ցամաքային պտոյտներ, որոնց ընթացքին մասնակցողները ապրեցան հաճելի պահեր։ Պուէնոս Այրեսի մէջ մատուցուեցաւ յատուկ Ս. պատարագ՝ նաւապտոյտին մասնակցողներուն ներկայութեամբ, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։ Նաեւ, ՀՕՄի Արժանթինի ընկերուհիները կազմակերպեցին ճաշկերոյթ մը տեղւոյն հայկական ակումբին մէջ։ Այս առիթով ներկաները մեծ խանդավառութեամբ լսեցին երգիչ Էլի Պէրպէրեանը, որ իր նուագախումբին նուագակցութեամբ անմոռանալի պահեր ստեղծեց ներկաներուն համար։
20 Ապրիլին մասնակցողները բարձրացան նաւը, որ եօթնօրեայ պտոյտին ընթացքին կանգ առաւ Ուրուկուէյի Մոնթէվիտէօ քաղաքը, ուր ՀՕՄի «Ռուբինա» մասնաճիւղի ընկերուհիները կազմակերպեցին տեսարժան վայրերու պտոյտ մը, որուն ծիրին մէջ անոնք այցելեցին Սուրբ Ներսէս Շնորհալի եկեղեցին։ Ապա ընկերուհիները կազմակերպեցին ջերմ ընդունելութիւն մը։
Պէտք է նշել, որ երգիչ Էլի Պէրպէրեան իր նուագախումբով մասնակցեցաւ նաւապտոյտին եւ նաւուն մէջ խրախճանքներու ընթացքին մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց։ Յատուկ կարեւորութեամբ պէտք է շեշտել 24 Ապրիլի երեկոյեան կազմակերպուած հայրենասիրական եւ ազգային երգերու երեկոն, որուն ընթացքին նաւապտոյտին մասնակցողները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին Հայոց Ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն նահատակներուն յիշատակը։
23 Ապրիլը եղաւ իւրայատուկ օր մը նաւապտոյտին մասնակցողներուն համար, որովհետեւ մեծ յաջողութեամբ կատարուեցաւ ՀՕՄի օրը, որուն ընթացքին «Փաուըր Փոյնթ»ով ներկայացուեցաւ Հայ Օգնութեան Միութեան անցնող երկու տարիներու աշխատանքը։ Ներկայացման յաջորդեց գեղարուեստական պատշաճ յայտագիր մը։
Յաջորդ օրը, նաւապտոյտին մասնակցողները յաջորդաբար այցելեցին Պրազիլի Պազիոս, Իլ Հապէլա, Սանթոս եւ Ռիօ Տէ Ժաներօ քաղաքները՝ վայելելով Պրազիլի տեսարժան վայրերը։
ՀՕՄի 2024ի միջազգային նաւապտոյտը մեծ յաջողութիւն արձանագրեց։ Մասնակցողները հաճելին օգտակարին միացնելով՝ ամբողջացուցին ծրագիրը եւ իրարմէ բաժնուեցան՝ դարձեալ հանդիպելու խոստումներով։ Այս նաւապտոյտին յաջողութեան մեծապէս նպաստեց նաւապտոյտի յանձնախումբին ժրաջան աշխատանքը։
ՀՕՄի նաւապտոյտը միութեանս դրամահաւաքի կարեւորագոյն աղբիւրներէն մէկն է, որուն հասոյթով կարելի կ՛ըլլայ շարունակել մեր մարդասիրական առաքելութիւնը եւ իրականացնել կրթական, առողջապահական եւ խնամատարական ծրագիրները:
ՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ