Տնօրինութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի, Կիրակի 2 Յունիսի առաւօտուն, յընթացս Ս. պատարագի, թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ Հանրապետական եւ Սուրբ Էջմիածնի միացեալ մաղթանքներու կատարումով հանդիսաւորապէս նշուեցան Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հռչակման 106ամեակի եւ Կաթուղիկէ Սուրբ Էջմիածնի տօները:
Առաջնորդը հանդիսապետելով Պըրպենքի Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարին մէջ մատուցուած պատարագին, ներկայութեամբ հոգեւոր հայրերու եւ հոծ բազմութեան, Մայր խորանին վրայ նախագահեց մաղթանքներուն եւ աղօթք բարձրացուց առ Աստուած՝ հայրենիքի ու Մայր աթոռի անսասանութեան ու պայծառութեան համար:
Օրուան պատարագիչն էր Մանուկ Ա. քահանայ Մարգարեան, որ օրուան քարոզը փոխանցեց բնաբան ընտրելով Պետրոս առաքեալի՝ «Ահա մենք ամէն ինչ թողուցինք եւ Քո ետեւից եկանք» խօսքերը (Մտ 19.27): Անդրադառնալով օրուայ զոյգ խորհուրդներուն՝ պատարագիչը ըսաւ. «Եթէ հայրենիքը համարում ենք մեր ազգի գոյութեան խաչը, պիտի պատրաստ լինենք զոհուելու դրա համար, ինչպէս Քրիստոս զոհուեց Իր խաչի համար, որովհետեւ դա էր Աստծու կամքը. եւ Տէրը յարութիւն առաւ եւ ասաց .«Ես յաղթեցի աշխարհին» (Յհ 16.33)»:
Յիշենք, որ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հռչակման 106ամեակին եւ Կաթուղիկէ Սուրբ Էջմիածնի տօներուն առթիւ թեմի բոլոր ծուխերուն յղած իր պատգամին մէջ շեշտած էր, թէ Սուրբ Էջմիածնի Մայր տաճարը դարեր շարունակ եղած է այն ամուր վէմը, որուն վրայ խարսխուած է քրիստոնէական մեր հաւատքը եւ կերտուած ու հաստատուած են հայոց ինքնութիւնն ու պետականութիւնը: Սրբազանը նաեւ Աստուծոյ աղօթք բարձրացուց, մաղթելով, որ զօրութեամբ եւ միաբանութեամբ ընթանանք դէպի ազգային-եկեղեցական նոր խոյանքներ եւ նոր կերտումներ, ինչպէս նաեւ մաղթելով, որ Աստուած խաղաղութիւն, շինութիւն, բարօրութիւն եւ ապահովութիւն պարգեւէ մեր հայրենիքին՝ Հայաստանին եւ անսասանութիւն՝ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ:
ԴԻՒԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ