Եւրոպական որոշ երկրներ 2020ի եւ 2023ի իրադարձութիւններէն ետք սկսան անհիմն կերպով յարձակիլ Ատրպէյճանի վրայ, Եւրոպական Միութեան անդամ առնուազն երեք պետութիւններ Ատրպէյճանի դէմ «պաղ պատերազմ» յայտարարեցին, յայտնեց Ադրբեջանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ:
Ան այդ յայտարարութեամբ հանդէս եկաւ Պաքուի մէջ ընդունելով Թրքալեզու պետութիւններու խորհրդարանական վեհաժողովի ընդհանուր քարտուղար Մեհմեթ Սուրէյա Էրին եւ Ղազախստանի, Խրխըզիստանի, Իւզպեքիստանի եւ Հունգարիոյ բարձրաստիճան ներկայացուցիչները:
«Եւրոպական Միութեան հետ մեր յարաբերութիւնները կարելի է դրական բնութագրել, սակայն Ղարաբաղեան Երկրորդ պատերազմէն եւ յատկապէս անցեալ տարուան հակաահաբեկչական գործողութենէն ետք որոշ եւրոպական երկիրներ սկսան անհիմն եւ անբարեխիղճ յարձակումներու, փորձեցին նսեմացնել մեզ», ըսաւ Ալիեւ:
Ըստ անոր՝ Եւրոպական Միութեան երկիրներու այսպիսի գործողութիւններ հիմնուած են ոչ թէ միջազգային իրաւունքի կանոններուն, այլ «հիւանդագին անձնական յաւակնութիւններու վրայ»:
«Դժբախտաբար, որոշ երկիրներ, որոնք կը ձգտին յատուկ տեղ գրաւել Եւրոպայի մէջ, նոյնիսկ կրցան հակաատրպէյճանական խումբ կազմել», ըսաւ Ալիեւ: