Կատարուեցաւ Արցախի նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանին սպասարկող ինքնաշարժը գրաւելու փորձ մը։ Այս մասին յայտնեց փաստաբան Ռոման Երիցեան:
Ան դիտել տուաւ, որ Քննչական կոմիտէի Կեդրոնի բաժինի ներկայացուցիչները եկած էին Հայաստանի մէջ Արցախի ներկայացուցչութեան մօտ, յատուկ տարհանման ծառայութիւն կանչած, որպէսզի Սամուէլ Շահրամանեանին սպասարկող ինքնաշարժը տեղափոխեն:
Փաստաբանը աւելցուց, որ ինքնաշարժը կը գրաւեն Սամուէլ Շահրամանեանի հասարակական հիմունքներով օգնական Աշոտ Դանիէլեանի գործի ծիրին մէջ՝ նշելով, որ ամիսներ առաջ ապօրինաբար զայն ձերբակալած էին՝ իբր թէ թմրանիւթ պահելու կասկածով:
«Առանց դատարանի որոշման փորձում են Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցչութեան մօտից առգրաւել մեքենան: Քննիչը, հանդիպելով խոչընդոտների, թողել եւ հեռացել է մեզ համար անյայտ վայր, այս պահի դրութեամբ մեքենան դեռ չի առգրաւուել, բայց պարեկային ծառայութեան աշխատակիցներն են եկել: Մեզ հասած տեղեկութիւններով, նաեւ ոստիկանութեան զօրքերն են գալու շուտով», ըսաւ փաստաբանը:
Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան, անդրադառնալով այս դէպքին՝ ըսաւ. «Սա ես համարում եմ արցախցիների դէմ ատելութեան գեներացման (ընդհանրացման) հերթական դրուագը։ Վստահ եմ, որ սա քաղաքական հետապնդման գործողութիւններից հերթականն է»: