ՍՈՆԱ ՄԱՏԱՐԵԱՆ

Անցեալ «նոր տարեշրջան»ի մը աւարտականի «նոր կնիք» մը եւս կ՛արձանագրուի ազգային մեր վարժարաններու ցանցին վրայ: Տարիներու յանկերգն է, սակայն եւ նոր հպարտանք ու պարծանք դառնալու՝ նոր հորիզոնի մը ոտնահետքերն են, որ յառաջացող նորանոր փայլուն ապագայի մը հետ առընթեր, նոր դրոշմով պիտի ներկայանայ հայոց աշխարհին եւ համայն մարդկութեան:
Ուսումնակրթական ծանօթ «յանկերգ» մըն է, որ կրթական իւրաքանչիւր տարեշրջանի մը աւարտին, նորանոր շրջանաւարտներ, ինքնավստահ քայլերով կը տողանցեն միանալու զիրենք նախորդող սերունդներու փաղանգին: Ի դէպ, իւրաքանչիւր տարեշրջան ունի իր խորհուրդն ու պատգամը՝ փոխանցելու նորոգ շրջանաւարտ երիտասարդ հոգիներու եւ մտքերու միջնորդութեամբ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ընդոծին իր կարողութիւններով եւ ձիրքերով, ծաղկած առաւել կրթութեամբ, գիտութեամբ եւ փորձառութեամբ, իւրայատուկ իր տեղը պիտի գրաւէ՝ մարդկային ու ազգային զանազան ոլորտներու մէջ:
Ի դէպ, հպարտալի յիշատակութեան արժանի են հայկական մեր բոլոր վարժարաններու շրջանաւարտները, որոնք տարիներով «երկրորդ ընտանիքի եւ ծնողքի» հոգատարութեան յանձնուած անհատներ ըլլալով, անխտիր վայելած են իւրայատուկ հոգատարութիւն եւ ուշադրութիւն, որոնցմով ընթացած եւ հասունցած միտքով եւ հոգիով, եւ շուտով պիտի դառնան մեր ժողովուրդին արժանի, առաւել փայլուն նոր սերունդի ներկայացուցիչներ, որոնք թրծուած ու զինուած պիտի ըլլան՝ մարդկային եւ ազգային ու հայրենական բարձր արժէքներով եւ արժանիքներով:
Հայ դպրոցը, հայկական տաքուկ այն օճախն է, ուր մարդկային եւ ընկերային սերտ յարաբերութիւններու պատշաճ վարկն ու արժէքը կը փոխանցուի հայ մանուկին, պատանիին եւ երիտասարդին, ապա անոնք կը բազմապատկուին տուեալ տարիներու յառաջացման հետ:
Առաւել եւս, հայկական մեր վարժարանները, որպէս մարդկային եւ ազգային կատարելագործման բերդ-ամրոց, յարատեւ նպաստած են ու տակաւ պիտի նպաստեն մեր շարքերը խտացնելով ազգային եւ հայրենական բարձր սկզբունքներով, որպէսզի, ըստ արժանւոյն, կրկին ծաղկին եւ դրոշմուին միջազգային ժողովուրդներու արձանագրած ամենօրեայ պատմութեան էջերուն մէջ:
Շեշտելով ու հաստատելով, թէ հայ պատանին եւ պարմանուհին, պէտք չէ սահմանափակուին լոկ բարձր գիտութեամբ եւ կրթութեամբ, այլ առաւել եւս, իրենց պատկանող ազգին պատմական եւ հայրենական արժէքներով լիցքաւորուած պէտք է ամրապնդեն իրենց ինքնութեան արմատները, որովհետեւ մեր լեզուն, հայոց լեզուն եւ մշակոյթը, մեզմէ իւրաքանչիւրը՝ տարբեր ազգերէն ու ցեղերէն, տարբեր ժողովուրդներէն ու հաւաքականութիւններէն զատորոշող գլխաւոր յատկանիշն է, որովհետեւ ան կը խտացնէ հայուն եւ մեզմէ իւրաքանչիւրին ընդոծին առանձնայատկութիւնները, բարեմասնութիւնները եւ արժանիքները։ Ան կը ձեւաւորէ մեզմէ իւրաքանչիւրին ինքնուրոյն դիմագիծը։ Հայո՛ւ դիմագիծը։ Վերջապէ՛ս, քա՛ջ գիտե՛նք եւ կը հաւատա՛նք, որ լեզուն է մեր ժողովուրդի գոյատեւման գլխաւոր պատուարն ու գրաւականը։
Լեզուն է ազգային ինքնութեան պահպանման հիմնաքարը, որով հայ դպրոցը կը զանազանուի աշխարհի մէջ գործող կրթական բոլոր հաստատութիւններէն․ ապա ուրեմն մեր շրջանաւարտները առանձնայատկութեամբ զինուած կը միանան աշխարհասփիւռ շրջանաւարտներու փաղանգին՝ իրենց իւրորոշ ազգային դիմագիծով:
Վերջապէ՛ս, լեզուն մեր ազգային գոյութեան եւ էութեան մեծագոյն վկայութիւնն է։ Հայութեան յաւերժագիրը։
Յաւե՛րժ գործեն ու արդարօրէն գոյատեւեն հայկական մեր վարժարանները, ի հայրենիք եւ ի սփիւռս աշխարհին:
Փա՛ռք ու պատի՛ւ հայ դպրոցի խոնարհ ու հաւատաւոր մշակներուն եւ նուիրեալներուն:
Շնորհաւո՛ր եւ նորանոր փայլուն յաջողութիւններ՝ մեր հայ շրջանաւարտներ: