Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ դպրոցի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ 19 Մայիսին, եկեղեցւոյ հովիւ Վիգէն Ա. քահանայ Վասիլեանի, Եկեղեցասիրաց եղբայրակցութեան վարչութեան, ծնողներու, բարեկամներու եւ մեծ բազմութեան մը ներկայութեամբ:
Հանդիսութիւնը սկսաւ տեսուչ Րաֆֆի Թորոսեանի բացման եւ բարի գալուստի խօսքերով, որուն ընթացքին ան նշեց, թէ Հոլիվուտի հայ համայնքի զաւակներուն 42 տարիներ ջամբուած է առողջ քրիստոնէական դաստիարակութիւն եւ հայեցի կրթութիւն: Ան աւելցուց, թէ մարդու հոգին, որ մեր ամէնէն փափուկը եւ ամէնէն փխրուն մասնիկն է, միայն աղօթքով եւ Աստուծոյ խօսքով կրնայ սնունդ առնել ու աճիլ:
«Այս ծանր եւ պատասխանատու պարտականութիւնը յանձնուած է Կիրակնօրեայ դպրոցի ուսուցիչներուն», յայտնեց Թորոսեան՝ յիշեցնելով հետեւեալ խօսքը. «Կրթէ մանուկը իր ճամբան սկսած ատենը, որպէսզի ծերութեան ատենն ալ անկէ չխոտորի» (Առակաց 22.6):
Հանդիսութեան հանդիսավարներ Յարութ Մուրատեան ու Նարինէ Մանուսեանց (կիրակնօրեայի նախկին աշակերտներ, այժմ` ծնողներ), հրաւիրեցին փոքր աշակերտները, որոնք արտասանեցին Տէրունական աղօթքը՝ «Հայր մեր»ը, մէջբերեցին ոսկեղէն համարներ եւ մաղթանքներ Աստուածաշունչէն եւ երգեցին «Սքանչելի է նրա անունը», Jesus loves me, «Ես քեզ սիրում եմ» երգերը, մանկական անուշ ժպիտը իրենց դէմքերուն վրայ:
Ապա, «Տասը բորոտներու» առակը թատրոնի ձեւով ներկայացուցին նախակրթարանի աշակերտները: Յիսուսի դերով հանդէս եկաւ օրուան շրջանաւարտ Անդրանիկ Մինասեան: Բժշկուող եւ երախտապարտ բորոտը թէ՛ ֆիզիքապէս եւ թէ հոգեպէս բժշկուեցաւ, իսկ միւս բորոտները նոյնիսկ շնորհակալութիւն չյայտնեցին Յիսուսին: Մենք ալ յաճախ ապերախտ կ՛ըլլանք, մոռնալով գնահատել մեր վայելած բարիքները: Ամէն օր եւ ամէն բանի համար պէտք է փառք տանք Աստուծոյ:
Դաւիթ Խաչատրեան շատ գեղեցիկ կերպով դաշնամուրի վրայ կատարեց Sun Shower երաժշտական կտորը, իսկ նախակրթարանի եւ երէց դասարանի աշակերտները ոսկեղէն համարներ արտասանեցին եւ երգեցին «Քրիստոս ի մէջ», «Մէկ ենք մենք» եւ Awesome God երգերը:
Ապա, Սեդա Ղազարեան խորունկ ներշնչումով ընթերցեց «Նարեկ» աղօթագիրքէն ԲԱՆ 41 հատուածը: Անոր յաջորդեց Առնօ Բաբաջանեանի «Նոկտիւրն» երաժշտական համարը, զոր Աշոտ Վարպետեան հմտօրէն եւ խոր ապրումով կատարեց դաշնամուրի վրայ:
8րդ դասարանի վկայական ստացաւ Անդրանիկ Մինասեան, որ իր ծնողներուն եւ կիրակնօրեայ դպրոցին ուղղուած շնորհակալութեան խօսքեր արտասանեց: Ան քաջալերեց բոլոր իր հասակակիցները շարունակել յաճախել կիրակնօրեայ դպրոց եւ մնալ հաւատքի ճամբուն մէջ:
Եկեղեցւոյ հովիւ Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեան յանձնեց վկայականը, քաջալերեց աշակերտները, ծնողները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց կիրակնօրեայ դպրոցի նուիրեալ ուսուցիչ-ուսուցչուհիները, որոնք ամէն զոհողութիւն յանձն կ՛առնեն ի փառս Աստծոյ եւ ի պայծառութիւն Հայաստանեայց եկեղեցւոյ, յատկապէս ներկայ դժուար պայմաններուն մէջ:
Տեսուչը բոլորին շնորհակալութիւն յայտնեց, մանաւանդ ուսուցչական կազմին եւ առ ի գնահատանք՝ ուսուցչական կազմին յանձնեց յուշանուէրներ:
Հանդիսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն եւ ներկաները լաւ տրամադրութեամբ մեկնեցան հանդիսասրահէն:
(Թղթակցութիւնը՝ վարժարանէն)