Ռուսահայ Էլինա Աւանէսեան, որ այս շաբթուան թենիսի կանանց դասաւորման 78րդ դիրքը գրաւեց, փափաք յայտնեց այսուհետեւ Հայաստանը ներկայացնելու արհեստավարժ թենիսի յառաջիկայ մրցաշարքերուն:
«Այո՛, Էլինա Աւանէսեան Հայաստանի դրօշին տակ պիտի ներկայանայ: Սակայն, այդ որոշումը տակաւին պաշտօնական չէ` սպասելով իր հայկական քաղաքացիութեան ստանալուն, յայտնեց Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան փոխնախարար Կարէն Գիլոյեան:
Աւանէսեան ծնած է 2002ին, Փիաթիկորսքի մէջ (Ռուսիա) եւ այս տարուան 12 Փետրուարի դասաւորման մէջ ան հասած է 60րդ դիրքին: Ան հասած էր Փարիզի մէջ տեղի ունեցած «Ռոլան Կարոս»ի վերջին մրցաշարքի Դ. Հանգրուանը եւ պարտուած՝ աւարտականին հասած իտալացի Ճասմին Փաուլինիէն:
Ան այս տարուան ընթացքին ցարդ ապահոված է 594,033 տոլարի մրցանակներ, իսկ ամբողջ արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին՝ 1,396,147 տոլար։