Գաղութիս բուռն փափաքին ընդառաջելով՝ Արի Կիրակոս Մինասեան վարժարանի աշակերտները 2րդ անգամ ըլլալով, 30 Մայիսի երեկոյեան ներկայացուցին Յովհաննէս Թումանեանի «Անուշ»ը, զոր 1908ին օփերայի վերածած էր երգահան Արմէն Տիգրանեան:
Ներկայացման մաս կը կազմէին վարժարանիս Բ.-Զ. Կարգի աշակերտները, ինչպէս նաեւ նախկին Զ. կարգի աւարտականները:
Սարոյի դերը ստանձնած էր ներկայիս Զ. կարգի աշակերտ՝ Ալէն Ասլանեան, իսկ Անուշի դերը՝ նախկին աւարտականի աշակերտ` Մեղեդի Պետուրեան:


Թատրերգութեան աւարտին, վարժարանիս տնօրէնը՝ Անի Սարգիսեան, իր խօսքին մէջ նախ գնահատեց բոլոր դերակատարները, որոնք իրենց ստանձնած դերերով եւ պարերով հմայեցին ներկաները, ապա նշեց, թէ մեր աշակերտները իրենց ելոյթներով միշտ ցոյց կու տան իրենց տաղանդը եւ սէրը հայ մշակոյթին ու արուեստի նկատմամբ: Անոնք այս մեծ կտորը 2րդ անգամ ըլլալով կեանքի բերին հոյակապ եւ իմաստալից կերպով եւ ներկայացուցին մեզի: Ան նաեւ աւելցուց, որ ներկայացման ապշեցուցիչ եւ միաժամանակ մեր հոգիները ուրախութեամբ լեցնող մասը այն է, որ մեր վարժարանի բոլոր աւարտական աշակերտները նոյնիսկ մեզմէ բաժնուելէ ետք իրենց կապերը չեն խզած իրենց նախկին վարժարանին հետ: Անոնց հոգիները միշտ ալ եղած է իրենց «Արծիւներու Բոյնը»: Փաստը այն է, որ անոնք դարձեալ խանդավառութեամբ փափաքեցան միանալ եւ ներկայացնել սոյն թատրերգութիւնը անգամ մը եւս:
Ապա ան գնահատական եւ շնորհաւորական իր խօսքը փոխանցեց բոլոր անոնց, որոնք դեր ունէին ներկայացման յաջողութեան մէջ:
(Թղթակցութիւնը՝ վարժարանէն)

