Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, անցնող շաբաթավերջին ապրեցաւ հոգեպարար պահեր եւ իր ջերմ ու անմիջական գնահատականներով զարդարեց Ազգային վարժարաններու ամավերջի հանդէսները, որոնք իրենց բարձր կազմակերպուածութեամբ եւ բծախնդիր պատրաստութեամբ սիրով եւ ուրախութեամբ թրթռացուցին ծնողներու, ուսուցիչներու, հարազատներու, բարեկամներու եւ բարերարներու սիրտերը:
Արդարեւ, Ազգային մանկամսուր-մանկապարտէզներէն մինչեւ նախակրթարան, ապա միջնակարգ եւ երկրորդական վարժարան յաճախող աշակերտները իրենց ամբողջ կեանքին ընթացքին ե՛ն ու կը մնան հաւատարիմ կրողները հայկական ինքնութեան բոլոր բաղադրիչներուն՝ հոգեւոր, ազգային եւ մշակութային բնագաւառներու մէջ, ինչպէս նշեց սրբազան հայրը իր արտասանած պատգամներուն մէջ: Հանդէսներու ընթացքին անոր գնահատանքի ջերմ խօսքերը առաջին հերթին միշտ ուղղուեցան ծնողներուն, որոնք իրենց զաւակները հայկական վարժարան ուղարկելու համար բազում զոհողութիւններ կը կատարեն, ապա` կրթական պատասխանատուներուն եւ մշակներուն, որոնք իրենց վստահուած աշակերտներուն մէջ վաղուան հայ մարդը կը կերտեն տակաւին շատ փոքր տարիքէն, իսկ հանդէսներու աւարտին, ան նաեւ դրուատանքով ողջունեց աշակերտական խուռներամ շարքերը՝ մանկամսուրէն մինչեւ 12րդ կարգ, եւ յաջողութիւն մաղթեց բոլորին, իրենց յառաջիկայ քայլերուն եւ կեանքին մէջ:
Հեւքոտ երեք օրերու մէջ, առաջնորդը ներկայ եղաւ դպրոցէ-դպրոց եւ բաժինէ բաժին հանդէսներու, հետեւեալ յաջորդականութեամբ.
– Ուրբաթ, 7 Յունիսի երեկոյեան, Քրեսենթա հովիտի Վ. եւ Ա. Շամլեան Ազգային միջնակարգ վարժարանի 6րդ կարգի եւ աւարտական 8րդ կարգի հանդէսներ, որոնց նաեւ ներկայ եղան յաջորդաբար Ազգային վարչութեան անդամներ՝ Սարգիս Թաթիկեան եւ Արա Շապանեան:
– Շաբաթ, 8 Յունիսի յետմիջօրէին, Փասատինայի Լ. եւ Յ. Թաւլեան Ազգային մանկամսուր-մանկապարտէզի հանդէս, որուն նաեւ ներկայ եղաւ Ազգային վարչութեան անդամ՝ Սարգիս Թաթիկեան:
– Կիրակի, 9 Յունիսի առաւօտեան, Մոնթեպելլոյի Մեսրոպեան Ազգային վարժարանի 8րդ եւ 12րդ կարգերու հանդէս, որուն նաեւ ներկայ եղաւ Ազգային վարչութեան անդամ՝ Ճէք Հաճինեան: Նոյն օրը, առաջնորդը այցելեց նաեւ Ռոն եւ Գոհարիկ Կապրիէլ մանկամսուրը, ուր ընդունուեցաւ վարչուհիին՝ Անգին Իսկաճեանի, վարժարանի նորանշանակ տնօրէնուհի Լենա Կարապետեանի եւ Ուսումնական մարմինի անդամներուն կողմէ, ապա ծանօթացաւ մանկամսուրի բաժիններուն, ընկերակից ունենալով հայկական տարազով զինք դիմաւորող զոյգ մը աշակերտներ:
– 9 Յունիսի յետմիջօրէին, Հոլիվուտի Ռ. եւ Ա. Փիլիպոս Ազգային վարժարանի շրջանաւարտ 12րդ կարգի հանդէս, որուն նաեւ ներկայ եղաւ Ազգային վարչութեան անդամ՝ դոկտ. Գալուստ Ակոբեան: