Հայաստան այցելող Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերու գծով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց փոխնախարար Ճէյմզ Օ՛Պրայըն «Ազատութեան» հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ նոր պահանջներ դնելու, յաւելեալ բանակցութիւններ կատարելու գործելաոճը պէտք է դադրեցուի՝ ընդգծելով, թէ ժամանակն է, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագիրին շուրջ համաձայնութեան գան:
«Ինչո՞ւ հիմա է ժամանակը: Մեր կարծիքով` սերունդի մը կամ թերեւս քանի մը սերունդներու ընթացքին մէկ անգամ ընձեռուած կարելիութիւն կայ Կեդրոնական Ասիայէն դէպի Միջերկրական ծով առեւտրական երթուղի կառուցելու համար: Անիկա կրնայ իրականանալ միայն այն պարագային, եթէ խաղաղութիւն հաստատուի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ: Եւ անիկա պիտի բանայ ոչ միայն հիմնական առեւտուրը, այլ նաեւ նոր արդիւնաբերութիւնները այդ երթուղիի ամբողջ երկայնքով», շեշտեց Օ՛Պրայըն՝ աւելցնելով. «Այդպիսի բան մը կրնայ իրականանալ հիմա: Քանի մը տարի ետք կրնայ այլեւս այդքան կարեւոր չըլլալ: Քանի մը տարի առաջ այդ մէկը կարելի չէր: Ես նաեւ կը կարծեմ, թէ այժմ հիանալի պահն է, որովհետեւ այդ երթուղիի երկայնքին գտնուող երկիրները կը փափաքին կրճատել ռուսական ազդեցութիւնը: Եւ ժողովրդավարական յանձնառութիւնը, զոր կը տեսնենք Հայաստանի մէջ, բարեփոխումները, որոնց հայ ժողովուրդը աջակցած է 2018էն ի վեր, կը նշանակէ, որ Հայաստան կը գտնուի այնպիսի փուլի մը մէջ, որ կրնայ այսպիսի որոշում մը տալ»:
Օ՛Պրայըն Երեւան կը գտնուի՝ աջակցելու խաղաղութեան գործընթացներուն: Երեւան բազմաթիւ անգամներ համաձայնած է այս սկզբունքին:
Պատասխանելով լրագրողի մը այն հարցումին, որ դեռ սատարման կարի՞ք կայ, կարելի՞ է եզրակացնել, որ Պաքու ցարդ կը տատանի համաձայնելու տուեալ հարցին գծով՝ Օ՛Պրայըն արձագանգեց, որ ըստ իրեն, երկու կողմերն ալ հաւատարիմ են խաղաղութեան, եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ կ՛ակնկալեն, որ յառաջիկայ շաբաթներուն կամ ամիսներուն անոնք կը կարենան համաձայնութեան հասնիլ:
Այդ պարագային Պաքու ինչո՞ւ նոր պահանջներ կը դնէ հարցումին իբրեւ պատասխան՝ ան ըսաւ. «Կը կարծեմ, թէ մենք իրապէս երկու կողմերէն ալ կը տեսնենք կոշտ սակարկութիւններ եւ նաեւ հետաքրքրական մարտավարական հնարքներու շարք մը` համաձայնութեան հասնելու ուղիներուն շուրջ: Սահմանազատման վերաբերեալ այս վերջին պայմանաւորուածութիւնը որոշ առեւտուր էր. Հայաստան գիտէր, որ պէտք է հրաժարի անկէ, իսկ Ատրպէյճան համաձայնեցաւ սահմանազատման գիծի մը, որ անոնք գիտէին, թէ Հայաստան կ՛ընդունի` Ալմա Աթայի հռչակագիրը: Առ այդ, իւրաքանչիւր կողմ գնաց փոխզիջման: Կը կարծեմ, թէ այս` նոր պահանջներ դնելու, ապա յաւելեալ բանակցութիւններ կատարելու գործելաոճը որոշ պահու պէտք է դադրեցուի: Ըստ իս` յաջող համաձայնագիրի մօտաւոր ուրուագիծը արդէն գիտենք: Եւ, հիմա, իսկապէս, հարցը այն է, որ կողմերը ընդունին` ժամանակն է համաձայնութեան գալու»:
Բանակցութիւններու ընթացքին, յատկապէս սկզբնական փուլին, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, թէ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն համար պէտք է միջազգային երաշխիքներ ըլլան։ Պատասխանելով այն հարցումին, որ եթէ կողմերը պայմանաւորուին, Միացեալ Նահանգները պիտի ընդունի՞ ըլլալ այդ պայմանաւորուածութիւններուն երաշխաւորը, Օ՛Պրայըն պատասխանեց, որ կողմերէն որեւէ մէկը իրենց այդ հարցով չէ դիմած:
«Թէ ճիշդ ի՛նչ դեր կրնանք ունենալ կամ չունենալ, իրականութեան մէջ պէտք է որոշեն երկու կողմերը: Մենք չենք յաւակնիր տարածաշրջանին մէջ ըլլալ գերտէրութիւն կամ միջամտող: Մենք հոն ենք՝ աջակցելու տարածաշրջանի ժողովուրդներու օրինական փափաքին` կնքել խաղաղութեան համաձայնագիրը, որ տեւական պիտի ըլլայ: Այս պահուն կողմերը բաւական լաւ կը խօսին ուղղակի՝ իրարու հետ», հաստատեց ան։
Նախքան Երեւան ժամանելը, Ճէյմզ Օ՛Պրայըն յայտնած էր, թէ Միացեալ Նահանգներու յարաբերութիւնները բնական պիտի չըլլան Ատրպէյճանի հետ, եթէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիր չստորագրուի: Ան նաեւ ընդգծած էր, թէ Ատրպէյճան պէտք է երաշխաւորէ Արցախի հայերուն վերադարձը եւ իրաւունքները՝ առանց բացառելու, որ, հակառակ պարագային, նախագահ Ալիեւի նկատմամբ պատժամիջոցներ կրնան կիրարկուիլ: Մինչեւ օրս անոնցմէ ոչ մէկը իրականացած է։ Արդեօք Ալիեւի դէմ պատժամիջոցները սեղանին վրայ կը մնա՞ն՝ հարցուց լրագրող մը: «Մենք նշած ենք, որ անկախ քննութիւն պիտի կատարենք Սեպտեմբերին տեղի ունեցածին, նաեւ անկէ ետք շարունակուող յարաբերութիւններուն շուրջ, եւ հիմա զբաղած ենք անորմով: Պատասխանատու միջազգային կազմակերպութիւնները մուտք ունին այդ վայրերը եւ կրնան մեզի անհրաժեշտ տեղեկատուութիւններ տրամադրել», պատասխանեց Օ՛Պրայըն:
Ըստ Օ՛Պրայընի՝ մինչ այդ, անկախ քննութեան աւարտէն, Ուաշինկթընի մէջ չունին յստակ գնահատական` Արցախի մէջ տեղի ունեցածը գա՞ղթ էր, թէ ցեղային զտում:
Պատասխանելով այն հարցումին, որ Ուաշինկթըն համաձա՞յն է Ալիեւի գնահատականին, որ ղարաբաղեան հակամարտութիւնը այլեւս լուծուած է, եւ անհրաժեշտ է հիմա լուծարել Մինսքի խումբը, Օ՛Պրայըն պատասխանեց՝ ըսելով, որ անոր պատասխանը կողմերը պէտք է տան։