
Չորեքշաբթի, 12 Յունիսին, Արամ Ա. կաթողիկոսը Վատիկանի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսիս պապին հետ:
Հանդիպման ընթացքին կատարուեցաւ տեսակէտներու փոխանակում վեհափառին կողմէ առաջարկուած հետեւեալ կէտերուն շուրջ.
ա) Միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններու առաւել ծաւալումին եւ յարաբերութիւնը գործակցութեան վերածելու հրամայականը:
բ) Սուրբ Յարութեան տօնը բոլոր եկեղեցիներուն կողմէ միասնաբար նոյն թուականին նշելու հարցը:
գ) Երրորդ Վատիկանի ժողով մը գումարելու անհրաժեշտութիւնը՝ գործօն ներկայութեամբ ոչ-կաթոլիկ եկեղեցիներուն:
դ) Լիբանանի մէջ քրիստոնեայ-իսլամ համակեցութեան ամրապնդումը եւ նոր նախագահի ընտրութիւնը:
ե) Ատրպէյճանի մէջ գտնուող հայ քաղաքական բանտարկեալներու շուտափոյթ ազատ արձակումը:
զ) Արցախի հայութեան վերադարձը իր պապենական հողերը՝ միջազգային երաշխաւորութեամբ:


ԱՐԱՄ Ա. ԴԱՍԱԽՕՍԵՑ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ
Երեքշաբթի, 11 Յունիսին, Արամ Ա. Վատիկանի Արեւելեան համալսարանին մէջ «Կրօնի դերը աշխարհաքաղաքականութեան մէջ» նիւթին շուրջ դասախօսութիւն մը տուաւ։
Դասախօսութիւնը կազմակերպուած էր յիշեալ համալսարանի, Կրեկորեան համալսարանի եւ Լիբանանի դեսպանատան միացեալ նախաձեռնութեամբ:
Կաթողիկոսը նախ պարզեց հին դարերէն սկսեալ կրօնի առանցքային դերը աշխարհաքաղաքականութեան մէջ: Յիշելէ ետք, թէ պատմութեան ընթացքին կրօնի դերը հոլովոյթի ենթարկուած է աշխարհաքաղաքական պայմաններու փոփոխութեան զուգահեռ՝ վեհափառը ընդգծեց միաստուածեան կրօններու (հրէութիւն, քրիստոնէութիւն, իսլամութիւն) ունեցած կեդրոնական դերը յատկապէս Եւրոպայի եւ Միջին Արեւելքի՝ քաղաքական, մշակութային եւ ընկերային մարզերուն մէջ:
Ապա, կաթողիկոսը իր խօսքը կեդրոնացուց Միջին Արեւելքի աշխարհաքաղաքական զարգացումներուն ծիրին մէջ կրօնի ունեցած իւրայատուկ դերին վրայ՝ իր դրական եւ բացասական երեսներով ու հետեւանքներով: Այս շրջագծին մէջ կաթողիկոսը անդրադարձաւ հետեւեալ կէտերուն.
Ա.- Հաւատք եւ բանականութիւն. միաստուածեան կրօնները տարբեր մօտեցում ունին հաւատքի ու բանականութեան փոխյարաբերութիւններուն գծով: Որքանո՛վ բանականութիւնը կը հակակշռէ հաւատքի հասկացողութեան եւ արտայայտութեան վրայ. որքանո՛վ հաւատքը նկատի կ՛առնէ բանականութեան մօտեցումները. ինչպէ՛ս կարելի է ներդաշնակութիւն ստեղծել այս երկուքին միջեւ՝ հեռու մնալով մէկուն կամ միւսին բացարձակ գերակայութենէն:
Բ.- Ի՞նչ է կրօնին եւ քաղաքականութեան իւրայատուկ յարաբերութիւնը: Ճիշդ չէ կրօնը նոյնացնել քաղաքականութեան հետ, միաժամանակ կարելի չէ կրօնը քաղաքականութենէն հեռու պահելը: Դարձեալ, ինչպէ՞ս կարելի է ներդաշնակութիւն ստեղծել անոնց յարաբերութեան մէջ, մէկ կողմէ՝ առանց քաղաքականացնելու կրօնը, եւ միւս կողմէ՝ առանց կրօնական բովանդակութիւն եւ ուղղութիւն տալու քաղաքականութեան:
Գ.- Կրօնը թէ՛ միացուցիչ եւ թէ՛ բաժանարար ազդակ է: Այսպէս կը վկայէ պատմութիւնը եւ ներկայ իրականութիւնը: Իր բնոյթով եւ նպատակով կրօնին դերը միշտ կը մնայ միացնող եւ հաշտեցնող, այլ խօսքով՝ կամուրջի դեր ունի կրօնը: Սակայն կրօնը նաեւ օգտագործուած է քաղաքական նպատակներու, եւ հետեւաբար պատճառ դարձած է յաճախ բաժանումներու եւ պատերազմներու:
Վերոյիշեալ երեք երեւոյթներուն մասին անդրադառնալէ ետք, վեհափառը յիշեց հետեւեալ կէտերը, որոնք պէտք է կազմեն կրօնին իւրայատուկ դերը ներկայ ընկերութեան ու յատկապէս Միջին Արեւելքի մէջ.
ա.- Փոխադարձ վստահութեան ամրապնդում: Կարելի չէ մնայուն եւ ամբողջական խաղաղութիւն հաստատել, երբ կը պակսի փոխադարձ վստահութիւնը: Որքան ալ քաղաքական ծիրին մէջ խաղաղութեան դաշնագիրներ ստորագրուին, երբ ժողովուրդներու միջեւ փոխադարձ վստահութիւնը կը պակսի, խաղաղութիւնը միշտ կը մնայ փխրուն ու ժամանակաւոր:
բ.- Խաղաղութիւնը պէտք է հաստատել արդարութեան հիման վրայ: Որքան ալ խաղաղութեան պայմանները ըլլան փոխադարձաբար ընդունելի, արդարութիւնը պէտք է կազմէ հիմքը մնայուն խաղաղութեան:
գ.- Կրօնի դերը կենսական է ընկերութեան կեանքին մէջ, մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան գծով: Ընկերութիւնը կառուցուած պէտք է ըլլայ կառավարման այնպիսի կառոյցներով ու սկզբունքներով, ուր թափանցիկութիւնն ու հաշուետուութիւնը դառնան մղիչ ուժերը ընկերութեան կեանքին:
դ.- Պայքար՝ արմատական շարժումներու դէմ: Ներկայ ժամանակներուն քաղաքական ու գաղափարախօսական նպատակներէ մեկնած՝ արմատական շարժումներ յաճախ կը յառաջանան ընկերութիւններու կեանքէն ներս: Կրօնը զգոյշ պէտք է ըլլայ այդպիսի շարժումներու կողմէ շահագործուելէ եւ պէտք է դառնայ բարոյական ու հոգեւոր արժէքներու պահապանը:
ե.- Տագնապներու կանխազգուշացման մէջ առանցքային է դերը կրօնին: Տագնապներ լուծելը շատ աւելի դժուար է, քան զանոնք կանխարգիլելը: Կրօնը կոչուած է իբրեւ բարոյական հեղինակութիւն կարեւոր նպաստ բերելու հարցերու լուծման եւ կողմերու միջեւ հասարակաց յայտարարներ որոնելու ուղղութեամբ:


Յիշեալ կէտերուն անդրադառնալով, Արամ Ա. կարեւորութեամբ ընդգծեց կրօնին իւրայատուկ դերը: Իր խօսքի աւարտին, անդրադառնալով Միջին Արեւելքին պարզած ներկայ փոթորկալից կացութեան, կաթողիկոսը յիշեցուց, թէ կրօնը Միջին Արեւելքի ընկերութեան պատմութեան եւ ներկայ կեանքին մէջ իր ունեցած գործօն ներկայութեամբ եզակի դերակատարութեամբ կրնայ կարեւոր նպաստ բերել հարցերու լուծման, խաղաղ գոյակցութեան ամրապնդման եւ փոխադարձ վստահութեան ծաւալման՝ պատմական տուեալներէն եւ արդարութեան սկզբունքներէն մեկնած: Վեհափառը առաջարկեց, որ երեք կրօններու բարձրագոյն ներկայացուցիչները հանդիպին Երուսաղէմի մէջ, ուր պատմականօրէն ամրագրուած է անոնց ներկայութիւնը, եւ խաղաղութեան կոչ ուղղեն:
Նախքան վեհափառին դասախօսութիւնը, յաջորդաբար խօսք առին հալասարանի տնօրէնը, Վատիկանի մօտ Լիբանանի դեսպանը եւ Վատիկանի միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժանմունքի նախագահ քարտինալ Քոխ: Անոնք, անդրադառնալէ ետք հայրապետին կենսագրական գիծերուն՝ շեշտեցին, թէ ան միջազգային դէմք է՝ միջեկեղեցական եւ միջկրօնական աշխարհին մէջ իր ունեցած տարիներու փորձառութեամբ, հեղինակած գիրքերով եւ միջազգային համագումարներու մասնակցութեամբ:
Դասախօսութեան ներկայ էին Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. հոգեւոր տէրը, այլ առաքելութեամբ մը Հռոմ ժամանած Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Քաթարի եւ շրջակայից Հայոց թեմի առաջնորդ Մեսրոպ արք. Սարգիսեան, համալսարաններու դասախօսներ, դեսպաններ եւ Վատիկանի զանազան բաժանմունքներու պատասխանատուներ: