«Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման առաջնորդ Բագրատ սրբազանը եւ աջակիցները կանուխ առաւօտէն հաւաքուեցան կառավարութեան շէնքին մօտ: Մինչեւ իրենց հասնիլը, ոստիկանական շարասիւներով փակուեցան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի աշխատավայրի մուտքերը:
Բագրատ սրբազանը խօսեցաւ ոստիկաններուն 12 Յունիսի գործողութիւններուն մասին՝ զանոնք նկատելով ցուցարարներու ջարդ:
Կառավարութեան շէնքը պաշտպանող ոստիկանները արձագանգեցին՝ կռնակ դարձնելով ցուցարարներուն: Իսկ ոստիկանական ինքնաշարժները ազդանշանները միացուցին՝ փորձեցին խլացնել Բագրատ արքեպիսկոպոս Գալստանեանի ձայնը:
Սրբազանը արձագանգեց բարձրաստիճան իշխանականներուն մեղադրանքներուն, որ իբր թէ ինք կոչ ուղղած է գրոհել ոստիկաններուն վրայ, շեշտելով, որ այդպիսի կոչ չէ կատարուած, հակառակը՝ ինք յորդորած է հանդարտութիւն:
«Հակառակը՝ շշեր մի նետէք, հանդարտուէք, այո՛, ես գնացել եմ կարմիր բերետաւորների հետեւից, որովհետեւ մարդկանց մորթում էին բառիս բուն իմաստով, էդ յատուկ միջոցներն էլ մարդիկ խաղաղ այգու մէջ կանգնած, այգու մէջ են նետել, մի քանի հատ էլ իմ ոտքերի դիմաց է ընկել», նշեց Բագրատ արքեպիսկոպոսը:
«Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գառնիկ Դանիէլեան իր կարգին ըսաւ հետեւեալը. «Երէկ շատ կարեւոր օր ենք ունեցել, իշխանութիւնները վախերի մէջ են, մենք ցոյց ենք տուել, որ օրակարգ թելադրողը մենք ենք, մենք ենք այս երկրի տէրը: Երէկ ոստիկանական ուժերի մեծ ճնշման տակ որեւէ մարդ չնահանջեց, մեր հայրենակիցները ցոյց տուեցին, որ նռնակից չեն վախենում: Այդ նռնակները, որ գցել ես՝ մարդիկ թողնեն, գնան, հակառակը տեղի ունեցաւ՝ դրանից յետոյ մեր թիւը կրկնապատկուեց ու եռապատկուեց: Որեւէ մէկի մտքով չանցնի, որ կարող է մեզ վախեցնել, որեւէ մէկի մտքով չանցնի, որ մենք նման ճղճիմ արարքներից յետոյ յետնահանջ ենք անելու, որեւէ կերպ սա մեզ վրայ չի ազդելու, աւելին ասեմ՝ դա մեզ աւելի է ոգեւորում եւ պնդացնում, որ մեր կողքին կանգնած մարդիկ աննահանջ պայքարող մարդիկ են, տէր են իրենց երկրին ու մինչեւ վերջ գնացող մարդիկ են»:
Նիկոլ Փաշինեան կառավարութեան շէնքին մէջ չէր, Ազգային ժողովին մէջ պիւտճէի կատարողականի քննարկման կը մասնակցէր: Վերջին վայրկեանին յայտնեցին, թէ գործադիրի շաբաթական նիստը յետաձգուած էր: Ընդդիմադիրներուն ցոյցը տեւեց երկու ժամ, ապա անոնք վերադարձան Բաղրամեան փողոցը, ուր տակաւին վրաններ տեղադրուած են: Բագրատ սրբազանը կոչ ուղղեց քաղաքացիներուն՝ երեկոյեան հաւաքուելու հոն, մինչ ինք պիտի այցելէ օր մը առաջ վիրաւորուած անձերուն:
Երեկոյեան Բաղրամեան պողոտային վրայ տեղի ունեցած մարդաշատ հաւաքին ընթացքին Բագրատ սրբազանը ըսաւ, որ յաջորդ օրը վրանները պիտի վերցուին եւ Բաղրամեան պողոտան պիտի բացուի: Ան նշեց, որ նստացոյցի չորս օրերը յաղթանակով աւարտած են, վաւերական իմաստով Փաշինեանը հեռացած է:
«Այս օրերի շրջանը մենք սպառել ենք, բայց դիմացը ունենք Յունիսի 17ը, որ պատգամաւորական խմբակցութիւնները նիստ են հրաւիրել, որ այդ անվստահութեան գործընթացը սկսեն: Բոլոր ՔՊ կուսակցութեան պատգամաւորների հետ զբաղուէք, որպէսզի գան իրենց օրինական գործառոյթներն իրականացնեն. դուք էք նրանց վճարողը», նշեց ան:
Խօսելով օր մը առաջ տեղի ունեցած միջադէպին մասին՝ Բագրատ սրբազանը նշեց, որ անիկա իշխանութեան իսկական դէմքը ցոյց տուաւ:
«Յայտարարել էինք 96ժամեայ ռեժիմի (դրութեան) մասին, 4 օրուայ մասին եւ երէկուայ դատապարտելի դէպքերը, արիւնի ծարաւ դէպքերը եկան վկայելու, որ մեր բոլոր քայլերի դիմաց այս իշխանութիւնը պատրաստ է ամէն ինչ գործելու, ամէն ինչի ընդունակ է, միայն թէ իր աթռոը չփախնի իր տակից: Վաղուանից Բաղրամեան պողոտան կը բացուի. այս աւանը չի լինի. 4 օրը լրացաւ: Շարժումը պէտք է վերադասաւորել, դարձնել աւելի ընդգրկուն, շարժումը հասցնել իրա աւարտական յաղթանակին: Ուրբաթ, Շաբաթ եւ Կիրակի հանդիպումներ են լինելու քաղաքական տարբեր ուժերի հետ», յայտարարեց Բագրատ սրբազանը:
Ան նաեւ ըսաւ, որ 17 Յունիսին պիտի հաւաքուինք Բաղրամեան-Դեմիրճեան խաչմերուկին վրայ: «Յունիսի 17ին ժամը 18:30 նշանակուած է ԱԺ արտահերթ նիստը, այդ ժամին հաւաքւում ենք այստեղ: Այս շարժումը պէտք է դառնայ աւելի ընդգրկուն, աւելի ներառական, աւելի քաղաքացիական, աւելի հզօր, ճնշող, մեծացող ու աւելի յաղթանակին վերջնականապէս ձգտող», ըսաւ ան՝ աւելցնելով. «Մեր փափագն է եղել, որ այս ժամանակահատուածն ուղղակի քաղաքական իմաստով վերջնականապէս այս մարդկանց հեռացման ժամանակահատուածը լինի, բայց մինչեւ այսօր չի ստացուել, բայց դա չի նշանակում, որ չի ստացուելու: Շատ աւելի մեծ բան է ստացուել, ստացուել է այն, որ ամբողջ աշխարհը մտածում էր, որ հայ ժողովուրդը անպատիւ գերեզման է մտել, բայց մենք ապացուցել ենք, որ այդպէս չէ: Մեր այս շարժումն ընդամէնը 40 օրուայ շարժում է, որը չյանձնուելու մասին է»: