Պելոռուսի իշխանութիւնները պիտի մասնակցին բռնագրաւեալ Արցախի տարածքներուն մէջ վերականգնման աշխատանքներուն, յայտնեց այդ երկրի նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ` Ատրպէյճանի խորհրդարանի նախագահ Սախիպա Կաֆարովայի հետ հանդիպումին ընթացքին:
Ան նշեց, որ «ջերմութեամբ կը յիշէ» այդ տարածքներ իր այցելութիւնը` Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի ուղեկցութեամբ:
«Շուշայի (Շուշի) մէջ ես անոր ըսի. «Դրախտի մէջ կ՛ապրիք»: Ըլլալով մեր մոլորակի շատ անկիւններու մէջ` ես ոչ մէկ տեղ տեսած եմ այսպիսի վայր մը` մաքուր օդ, գեղեցիկ բնութիւն: Համոզուած եմ, որ այս տարածքներուն մէջ կեանքը վերականգնելով եւս մէկ սխրանք ալ կ՛ընէք: Մենք ուրախ պիտի ըլլանք մասնակցելու այս աշխատանքներուն, մենք որոշած ենք ուղղութիւնները, ոչ մէկ խոչընդոտ կայ», ըսաւ Լուքաշենքօ: