21 Յունիսին, առաւօտեան ժամը 11ին տեղի պիտի ունենան խորհրդարանական լսումներ` «Հայաստանի` Եւրոպական միութեանն անդամակցութեան յայտ ներկայացնելու հարցով հանրաքուէ անցկացնելու առաջարկի շուրջ» նիւթով։ Այս մասին հաղորդագրութիւնը տեղադրուած է Ազգային ժողովի պաշտօնական կայքին վրայ:
Եւրոպական համարկման հարցերու մնայուն յանձնաժողովի նախագահ Արման Եղոյեան տեղեկացուց, որ լսումներ իրականացնելու նախաձեռնութիւնը ներկայացուած է Ժողովրդավարական ուժերու հարթակի եւ քաղաքացիական հասարակութեան կողմէ:
Ըստ «Յանուն Հանրապետութեան» կուսակցութեան ղեկավար Արման Բաբաջանեանի՝ հանրաքուէն Հայաստանի դիմակայունութեան եւ դիմադրողականութեան բարձրացման նպատակ կը հետապնդէ։