Միջազգային շարք մը լրատուամիջոցներ անդրադարձան Ատրպէյճանի մէջ ապօրինի կերպով պահուող Ռուբէն Վարդանեանի միջազգային փաստաբանական խումբին կողմէ ՄԱԿի Խոշտանգումներու դէմ կոմիտէի յատուկ զեկուցողին ներկայացուած դիմումին, որ կը յորդորէ կոմիտէն դատապարտել Ատրպէյճանի կառավարութեան կողմէ Ռուբէն Վարդանեանի դէմ կատարուող խոշտանգումները եւ դաժան վերաբերումը:
«Ռոյթըրզ» գործակալութիւնը մասնաւորաբար մէջբերեց Վարդանեան ընտանիքին միջազգային իրաւաբանական հարցերու խորհրդատու Ճարէտ Կենսըրը, որ ըսած էր հետեւեալը. «Ուշագրաւ է, որ Ատրպէյճան Ռուբէն Վարդանեանը կը նկատէ սպառնալիք եւ կը փորձէ զայն լռեցնել կամայական բանտարկութեամբ, իսկ վերջին շրջանին` նաեւ խոշտանգումներով: Եթէ Ատրպէյճան կը փափաքի, որ միջազգային շրջանակին մէջ իրեն հետ լուրջ վերաբերին, պէտք է անյապաղ դադրեցնէ այդ գործողութիւնները եւ ազատ արձակէ Վարդանեանը եւ միւս հայ բանտարկեալները»:
Ֆրանսական «Ֆիկարօ»ն եւս ծաւալուն կերպով կ՛անդրադառնայ այս փաստին` նշելով, որ Ռուբէն Վարդանեանի հարազատները մեծապէս անհանգստացած են անոր վիճակով: Թերթը կը յիշեցնէ, որ մարդասիրական գործունէութեան համար Նոպէլեան Խաղաղութեան մրցանակի առաջադրուած Վարդանեան ներկայիս Պաքուի բանտին մէջ խոշտանգումներու կ՛ենթարկուի ։
«Ֆիկարօ»ն կը մէջբերէ Ռուբէն Վարդանեանի աւագ որդիին` Դաւիթ Վարդանեանի խօսքերը, որոնց մէջ ան կ՛անդրադառնայ իր հօր խոշտանգումներուն: «Անոր կարելիութիւն չի տրուիր քնանալու եւ նոյնիսկ նստելու: Զայն երկու օր շարունակ զրկեցին խմելու ջուրէ. ան մաքրութեան պարագաներ չէ ունեցած», կը տեղեկացնէ Դաւիթ Վարդանեան:
Թերթը կը յիշեցնէ, որ Ռուբէն Վարդանեանի հետ Պաքուի մէջ բանտը կը գտնուին նաեւ 22 հայեր, որոնց կարգին՝ Արցախի նախկին ղեկավարութիւնը: Կը նշուի, որ Վարդանեան Արցախ տեղափոխուեցաւ՝ փորձելով օգնել տեղւոյն բնակչութիւնը: Հոն գտնուած ժամանակաշրջանին ան յաջողած էր միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը հրաւիրել Արցախի հարցին եւ այնտեղի իրավիճակին վրայ: «Ինքնին Վարդանեանի գրաւիչ-իւրայատուկ անձը եւ միջազգային մակարդակի վրայ լսելի ձայնը զայն դարձուցին Ատրպէյճանի իշխանութեան թիրախը», կը գրէ «Ֆիկարօ»ն։