Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան Ֆրանսա կատարած աշխատանքային այցելութեան ծիրին մէջ, 17 Յունիսին հանդիպում ունեցաւ Ֆրանսայի զինուած ուժերու նախարար Սեպասթիէն Լըքորնիւի հետ: Լուրը հաղորդեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը:
Հանդիպման ընթացքին նախարարները քննարկեցին Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ համագործակցութեան ներկայի ընթացքը:
Պապիկեան ներկայացուց Հայաստանի պաշտպանութեան ոլորտին մէջ բարեփոխումներու ընթացքը եւ այդ ուղղութեամբ Ֆրանսայի հետ համագործակցութեան ծիրին մէջ իրականացուող աշխատանքները:
Նախարարները կարեւոր նկատեցին սպառազինութեան համագործակցութիւնը, որուն շուրջ ձեռք բերուեցան նոր համաձայնութիւններ:
Այս ծիրին մէջ, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան եւ KNDS ֆրանսական ռազմարդիւնաբերական ընկերութեան միջեւ կնքուեցաւ սպառազինութեան համագործակցութեան պայմանագիր մը: