17 Յունիսին, Քիեւի մէջ տեղի ունեցան քաղաքական խորհրդակցութիւններ Հայաստանի եւ Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ:
Խորհրդակցութիւնները գլխաւորեցին հայկական կողմէն փոխնախարար Մնացական Սաֆարեան, իսկ ուքրանական կողմէն՝ եւս փոխնախարար Եւհեն Փերեպիյնիս:
Կողմերը անդրադարձան երկկողմ քաղաքական օրակարգի հարցերու լայն շրջանակի, քննարկեցին փոխադարձ կարեւորութիւն ունեցող ոլորտներուն մէջ համագործակցութեան հետագայ աշխուժացման հեռանկարները, առեւտրական-տնտեսական, իրաւապայմանագրային եւ այլ ուղղութիւններով համագործակցութեան հարցեր:
Երկու երկիրներու արտաքին գործոց փոխնախարարները կարծիքներ փոխանակեցին միջազգային եւ տարածաշրջանային օրակարգի` երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու շուրջ, կարեւոր նկատեցին երկու երկիրներուն միջեւ զանազան մակարդակներու վրայ շարունակական կապերը եւ միտքերու պարբերական փոխանակումը:
Սաֆարեան ուքրանական պատուիրակութիւնը տեղեակ պահեց տարածաշրջանին մէջ կայունութեան եւ տնտեսական զարգացման ապահովման վերաբերող` Հայաստանի կառավարութեան ներկայացուցած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախաձեռնութեան մասին, որ հիմնուած է ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան, փոխադարձութեան եւ հաւասարութեան սկզբունքներուն վրայ:
15 Յունիսին, Զուիցերիոյ մէջ մեկնարկեց «Ուքրանական խաղաղութեան բանաձեւ գագաթնաժողովը»: Հայաստանէն անոր մասնակցեցաւ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան, որ նաեւ հանդիպում ունեցաւ Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարար Տմիթրի Քուլեպայի հետ: Անոնք քննարկեցին Հայաստան-Ուքրանիա երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարները:
Գագաթնաժողովին իբրեւ արդիւնք՝ որդեգրուեցաւ հռչակագիր մը, զոր Հայաստան չստորագրեց: