
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային զրոյց մը ունեցաւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ:
Շուրջ 30 տարի դիւանագիտական յարաբերութիւններ չունեցող եւ փակ սահմաններով երկու դրացի երկիրներու առաջնորդները ընդգծեցին իրենց քաղաքական կամքը առանց որեւէ նախապայմանի Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններու ամբողջական կարգաւորման վերաբերեալ. անոնք կարեւոր նկատեցին բանագնացներու հանդիպումներու շարունակութիւնը եւ վերահաստատեցին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները:
Փաշինեան եւ Էրտողան, ըստ կառավարութեան տարածած հաղորդագրութեան, գոհունակութեամբ արձանագրեցին Հայաստանի եւ Թուրքիոյ բարձրաստիճան ներկայացուցիչներու շարունակական երկխօսութիւնը: