Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան պիտի չմասնակցի 21 Յունիսին Ղազախստանի մէջ ունենալիք ՀԱՊԿի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստին։ Այս մասին «Ազատութեան» յայտնեց արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Անի Բադալեան:
ՀԱՊԿի հետ Հայաստանի յարաբերութիւնները կը շարունակեն լարուած մնալ։ 2024ին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան նոյնիսկ յայտարարեց, թէ Երեւանի անդամակցութիւնը դաշինքին իրողապէս սառեցուած է՝ առանց բացառելու, որ Հայաստան դուրս կրնայ գալ դաշինքէն: Վերջերս ան խորհրդարանին մէջ ակնարկեց ՀԱՊԿէն դուրս գալու կարելիութեան մասին:
ՀԱՊԿի մէջ, դիտել կու տան, որ Հայաստան կը մնայ կազմակերպութեան լիիրաւ անդամ: