Մոսկուա կ՛ակնկալէ հետագային, Կապան քաղաքին մէջ, Ռուսիոյ գլխաւոր հիւպատոսութիւն մը բանալ: Այս մասին յայտարարեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Եւկենի Իւանով «Թասս»ի հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին:
Խօսելով ժամկէտին մասին՝ Իւանով ըսաւ. «Հետագային. կը հաշուարկենք՝ մինչեւ տարեվերջ»: