Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Կալուզին, արձագանգելով Երեւանի յայտարարութեան, թէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան պիտի չմասնակցի 21 Յունիսին, Ղազախստանի մէջ ունենալիք ՀԱՊԿի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստին՝ դիտել տուաւ, թէ Մոսկուա կ՛ակնկալէ, որ Երեւան կը հասկնայ ՀԱՊԿի հարթակին ընձեռած բոլոր կարելիութիւնները՝ տարածաշրջանային ապահովութեան երաշխաւորման առումով համագործակցութեան համար:
«Յոյս ունիմ, որ մեր հայ գործընկերները, իսկ մենք կը մնանք դաշնակիցներ, այնուամենայնիւ, կը հասկնան, որ տարածաշրջանային ապահովութեան երաշխաւորման ամէնէն արդիւնաւէտ մեթոտը տարածաշրջանային պետութիւններու համագործակցութիւնն է, եւ ՀԱՊԿը կու տայ այդ բոլոր կարելիութիւնները», «Ռիա Նովոստի»ի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ Կալուզին: