(ԾՆՆԴԵԱՆ 110ԱՄԵԱԿ)
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ

Մուշեղ Իշխան կը պատկանի սփիւռքահայ բանաստեղծներու այն սերունդին, որոնք իրենց մանկութեան կամ պատանեկութեան տարիներուն ականատես եղան Հայոց Ցեղասպանութեան, տեսան անապատ, կոտորած, հարազատներու կորուստ եւ ապրեցան Ցեղասպանութեան հետեւանքներուն զարհուրելի տառապանքը։ Ան նաեւ ընտանեկան առումով ալ ունեցած է դաժան ճակատագիր։ Ան ծնողներու առաջնեկն էր եւ հօր նախաձեռնութեամբ անոր որդեգրած էր հօրեղբայրը։ Ճակատագիր էր։ Ան ունեցաւ երկու մայր, երկու հայրենիք: Հարազատ մայրը եղբօր` Գէորգի եւ քրոջ` Յուշիկի հետ Դամասկոսէն կը մեկնին Յունաստան, այնտեղէն ալ Խորհրդային Հայաստան։
«Այսպէս վերջացաւ մեր կեանքին ներքին տռամը: Հիմա եղբայրս եւ քոյրս ընտանիք կազմած` կ՛ապրին մայր հայրենիքին մէջ, իսկ ես Սփիւռքի զաւակ եմ», կը գրէ ան։
Մուշեղ Իշխան ծնած է 1914ին, Թուրքիոյ Անգարա նահանգի Սիվրիհիսար գիւղաքաղաքը: 1915ին, բազմահազար հայ ընտանիքներու նման, Ճենտերէճեաններու գերդաստանը կը տարագրուի: Մանկութեան տարիները կ՛անցնէ Դամասկոսի մէջ, ուր կը ստանայ իր նախնական կրթութիւնը։ Այս հանգրուանը անոր մէջ շեշտուած կերպով դրոշմուած է եւ Մուշեղ Իշխան իր կեանքի այս հանգրուանը անմահացուցած է «Հացի Եւ Լոյսի Համար» հատորով, որ համով-հոտով ընթերցելի գիրք մըն է։
Դպրոցը աւարտելէ ետք, ան կը մեկնի Կիպրոս եւ կ՛ուսանի Մելգոնեան վարժարանին մէջ, ուր ուսուցիչ կ՛ունենայ Յակոբ Օշական։ Երկու տարի Կիպրոս մնալէ ետք, կը մեկնի Պէյրութ եւ կը յաճախէ նորաբաց Նշան Փալանճեան ճեմարանը՝ աշակերտելով Լեւոն Շանթի եւ Նիկոլ Աղբալեանի։ 1935ին կ՛աւարտէ ճեմարանը, դառնալով անոր առաջին շրջանաւարտ սերունդի անդամներէն մէկը։ Երեք տարի կը զբաղի ուսուցչութեամբ, որմէ ետք կը մեկնի Պելճիքա, ուր կ՛ուսանի մանկավարժութիւն եւ գրականութիւն։
1940ին, խոյս տալով նոր բռնկած Համաշխարհային երկրորդ պատերազմէն, որ կլանած էր Եւրոպան, կը վերադառնայ Պէյրութ եւ վերջնականապէս կը հաստատուի այնտեղ։ Մինչեւ իր մահը՝ 1990, ամբողջ յիսուն տարի, Մուշեղ Իշխան գործօն դերակատար է ազգային-հասարակական կեանքին մէջ։ Ան ուսուցիչ է, թերթի տնօրէն կամ անոր օգնական, Նշան Փալանճեան ճեմարանի հայագիտական դասանիւթերու պատասխանատու։ Կ՛աշխատակցի «Ազդակ» օրաթերթին եւ «Ազդակ-Շաբաթօրեակ-Դրօշակ»ին։ Մաս կը կազմէ «Բագին» գրական ամսագիրի խմբագրական կազմին։ Ան իր յօդուածներով կը հանդիսանայ առաջիններէն, որ ահազանգ հնչեցուց Սփիւռքի ուծացման դէմ եւ հայապահպանման եւ հայօրէն գոյատեւելու գրաւականը տեսաւ հայոց լեզուի պահպանումին մէջ.
Հայ լեզուն տունն է հայուն աշխարհիս չորս ծագերուն,
Ուր կը մտնէ ամէն հայ, իբրեւ տանտէր հարազատ…
Հոն է միայն, որ կրնայ գտնել ամէն հայ կրկին
Խաժամուժին մէջ օտար կորսնցուցած իր հոգին․․․
Սփիւռքի հայապահպանման համար եւ ուծացման, ձուլման դէմ պայքարող ամէնասկզբունքային եւ նուիրեալ գործիչներէն՝ բանաստեղծ, արձակագիր, թատերագիր, քննադատ, հրապարակախօս եւ մանկավարժ Մուշեղ Իշխան հանրաճանաչ է մասնաւորաբար իր գրականութեամբ։ Ան գրական հարուստ ժառանգութիւն ունի եւ գրած է թէ՛ արձակ, թէ՛ բանաստեղծութիւն եւ թէ թատրերգութիւններ։ Անոր բանաստեղծութիւններէն շատերը վերածուած են երգի, ինչպէս՝ «Կը Ձանձրանան», «Երգը Խղճի», «Սիրտս Կ՛արիւնի», «Տարօրինակ Մարդ Արարած» եւայլն։ Այս բանաստեղծութիւն-երգերը մարդկային անարդարութիւններուն դէմ բողոք են։ Անոնց մէջ ի յայտ կու գայ բանաստեղծին ապրած տառապանքները թէ՛ որպէս մարդ եւ թէ մասնաւորաբար որպէս հայ, որ ապրած է Ցեղասպանութեան արհաւիրքը։
Ես ինչպէ՞ս նստեմ խնջոյքի սեղան,
Եւ ըմպեմ ուրախ վայելքի գինին,
Երբ որ կը խլեն մարդիկ անվարան,
Որբի բերանից պատառը հացի։
Բանաստեղծութիւններու կողքին անոր արձակ գրութիւնները՝ պատմուածքներ, վիպակներ թէ յուշագրութեան ձեւով գրուած երկեր, մաս կը կազմեն անոր հարուստ գրական ժառանգութեան։ Անոնց շարքին են՝ «Մնաս Բարով Մանկութիւն», «Հացի եւ Սիրոյ Համար», «Սպասում», «Իմ Ուսուցիչներս» եւայլն։ Իսկ բանաստեղծութեան հատորներէն յիշենք, «Կրակը», «Երազ», «Տառապանք» եւ «Արեւամար» հատորները։ Ան գրած է նաեւ բազմաթիւ թատրերգութիւններ, ինչպէս՝ «Սառնարանէն Ելած Մարդը», «Ցուցափեղկին Աղջիկը», «Կիլիկիոյ Արքան», «Մեռնիլը Որքան Դժուար է», եւայլն։ Անոր կարապի երգը եղաւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի վերջին հանգրուանին գրուած բանաստեղծութիւնները, որոնք լոյս տեսան հեղինակէն մահէն ետք՝ «Իրիկնալոյս Ռումբերուն Տակ» անունով։ Մուշեղ Իշխանի կոթողական գործը կը մնայ հայ գրականութեան նուիրուած իր եռահատոր աշխատութիւնը՝ «Արդի Հայ Գրականութիւն»ը, որ նաեւ տասնեակ տարիներէ ի վեր որպէս դասագիրք կը ծառայէ հայկական դպրոցներու բարձրագոյն դասարաններուն համար։
Մուշեղ Իշխան սիրեց եւ տարածեց հայ գիրն ու գրականութիւնը եւ իր ամբողջ կեանքը համակ նուիրում եղաւ հայոց լեզուի պահպանման։ Ան հայ գրականութեան մէջ գագաթ մըն է, որ այսօր կը բացակայի ոչ միայն Սփիւռքի, այլեւ Հայաստանի մէջ եւ որուն մտաւորական յատկանիշներուն այնքան կարիք ունի հայութիւնը՝ ամէնուր։
Մուշեղ Իշխան կը մահանայ 12 Յունիս 1990ին եւ իր աճիւնները կ՛ամփոփուին Լիբանանի Դաշնակցութեան պանթէոնին մէջ։