Եւրոպայի ապահովութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութիւնը (ԵԱՀԿ) «փճացուած է եւ Արեւմուտքի շահերուն կը ծառայէ», յայտարարեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, Մինսքի մէջ Պելոռուսի նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոյի հետ հանդիպումէն ետք։
«Մենք քննարկեցինք, թէ ՄԱԿի եւ ԵԱՀԿի մէջ ինչպէ՛ս կը համագործակցինք` հակառակ այն իրողութեան, որ վերջինս բոլորովին փճացուած է եւ սկսած, ըստ էութեան, Արեւմուտքի շահերուն սպասարկել», ընդգծեց Լաւրով եւ Ուաշինկթընին ակնարկելով՝ աւելցուց «ԵԱՀԿը, ըստ էութեան, վերածուած է գործիքի ձեռքին մէջ անոնց, որոնք ովկիանոսէն այն կողմ կը շահագործեն եւրոպական հոլովոյթները եւ վերջին տարիներուն պարզապէս Եւրոպան ենթարկած են իրենց շահերուն ու ազատած անկէ՝ իբրեւ տնտեսական մրցակից»: