Պաղեստինի ղեկավար Մահմուտ Ապպաս Հայաստանի նախագահ Վահագն Խաչատրեանի հետ հեռաձայնային զրոյցի մը ընթացքին իր երախտագիտութիւնը յայտնեց պաշտօնական Երեւանին՝ Պաղեստինի պետութիւնը ճանչնալուն համար։ Այս մասին հաղորդեց Պաղեստինի մէջ գործող «Ուաֆա» լրատու գործակալութիւնը:
«Ձեր իմաստուն որոշումը, որ կը համապատասխանէ միջազգային իրաւունքի սկզբունքներուն, ՄԱԿի բանաձեւերուն եւ միջազգային օրինականութեան սկզբունքին, յաւելեալ քայլ մըն է պաղեստինցի ժողովուրդին իրաւունքներու ճանաչման ուղղութեամբ: Այդ իրաւունքներուն կարգին են 1967ի սահմաններուն մէջ սեփական հողերու տնօրինումը, Իսրայէլի բռնագրաւումին վերջ տալու անհրաժեշտութիւնը, ինքնորոշումը եւ անկախութիւնը», կը յայտնէ Ապպաս։