Հայաստան զէնք-զինամթերք ձեռք կը բերէ միայն իր տարածքային ամբողջականութիւնը պաշտպանելու համար, յայտնեց Անվտանգութեան խորհրդի (ԱԽ) քարտուղար Արմէն Գրիգորեան:
«Մինչեւ այս պահը ձեռք բերուած բոլոր զէնքներն օգտագործուելու են միայն ՀՀ ինքնիշխան տարածքը պաշտպանելու համար», ըսաւ ան՝ աւելցնելով, որ տարածաշրջանի խաղաղութեան համար պատասխանատու են բոլորը, առաջին հերթին` տարածաշրջանային երկիրները, բայց նաեւ միջազգային գործընկերները:
Գրիգորեան դիտել տուաւ, որ Ռուսիոյ հետ սպառազինութեան համագործակցութիւնը 96 տոկոսէն նուազելով՝ հասած է նուազ, քան՝ 10 տոկոսի, ինչ որ «եղել է Ռուսաստանի ընտրութիւնը»:
«Հենց Ռուսաստանն է որոշել զէնք-զինամթերք չմատակարարել: Ի դէպ, նրանք դեռ լիովին չեն կատարել այն, ինչ նախատեսուած էր պայմանագրերով: Հետաքրքիր է, որ նոյնիսկ այսպիսի խնդիրների պայմաններում, երբ նրանք պարբերաբար բողոքում են, որ Հայաստանը զէնք է գնում այլ երկրներից, այնուամենայնիւ, չեն շարունակում մատակարարումներն այն պայմանագրերով, որոնք կնքուել են 2021-2022 թուականներին», ըսաւ Գրիգորեան։
Ապահովութեան բնագաւառին մէջ Ռուսիոյ եւ Հայաստանի յարաբերութիւններուն գծով ան ըսաւ, որ այդ մէկը կախեալ է անկէ, թէ Ռուսիա ինչպէ՛ս պիտի արձագանգէ ներկայ հարցերուն։
Լրագրող մը հարցուց, թէ ինչո՛վ հիմնաւորուած է մատակարարումներ չիրականացնելը. Գրիգորեան ըսաւ, թէ Հայաստան լսած է բացատրութիւններ, ըստ որոնց, հիմնական պատճառը Ուքրանիոյ հետ պատերազմն է:
«Բայց նաեւ պայմանագրեր կան, որ 2021 թուականին են կնքուել: Ես չեմ ուզում անուն տալ, բայց ուզում եմ ասել, որ Հայաստանից բարձրաստիճան մէկ պաշտօնեայի ժամանակին ասուել է` եթէ Ռուսաստանը մեզ մատակարարի զէնք-զինամթերք` մեր դիրքորոշումները կոշտանալու են, նաեւ դա է պատճառը, որ չեն մատակարարում», յայտարարեց Գրիգորեան:
Հայաստանի իշխանութիւնները աւելի կանուխ յայտարարած էին, որ Ռուսիա սպառազինութիւն եւ ռազմական համակարգեր չի մատակարարեր՝ ըստ պայմանագիրին, որուն ծիրին մէջ գումարներ փոխանցուած են։ Ճշգրիտ գումարը պաշտօնապէս չէր նշուած: Ըստ կարգ մը տուեալներու`կը խօսուի 250 միլիոն տոլարի մասին, այլ տուեալներով` շուրջ 400 միլիոն տոլարի:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա խօսեցաւ Հայաստանի՝ զանազան կողմերէ սպառազինութիւն ձեռք բերելու քայլերուն մասին, յատկապէս կեդրոնանալով Փարիզի վրայ։ Զախարովա յայտարարեց, որ Փարիզ կ՛օգտագործէ Երեւանը՝ իբրեւ սեփական պատեհապաշտ նպատակներուն հասնելու գործիք եւ չ՛առաջնորդուիր Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի շահերով: «Ասիկա բնորոշ է Փարիզի քաղաքականութեան` ըլլալ ամէնուր եւ պատասխանատուութիւն չկրել: Անոնք ունէին հակամարտութիւնները լուծելու միլիոն հնարաւորութիւն, անոնցմէ մէկը նոյն Մինսքի պայմանաւորուածութիւններն էին: Ապա պարզեցինք, որ անիկա ընդամէնը պաստառ է: Իրական դրսեւորումները այլ տեղ էին. անվերապահ աջակցութիւն Քիեւի վարչակարգին՝ հակառուսական ուղիին վրայ, եւ, փաստօրէն, Փարիզ շահագրգռուած չէր խաղաղութեան բոլոր պայմանագիրներով, եւ այդ մասին յայտարարեց նաեւ Ֆրանսայի նախկին նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ», ըսաւ Զախարովա:
Անդրադառնալով կովկասեան տարածաշրջանին` ան ընդգծեց, որ կայ խաղաղութեան ծրագիր մը, իրավիճակի կարգաւորման քայլ առ քայլ ճանապարհային քարտէս մը, տնտեսական եւ մարդասիրական կարելիութիւններու բացումը, երթեւեկի հաղորդակցութեան կառուցելու առիթ մը, եւ այս բոլորը ներառուած են ձեռք բերուած համապատասխան պայմանաւորուածութիւններուն մէջ, զորս ձեռք բերին Երեւան, Պաքու եւ Մոսկուան:
Զախարովա ընդգծեց, որ Մոսկուան հանդէս եկած է՝ իբրեւ ազնիւ, բաց միջնորդ` երկու կողմերը համարելով մօտիկ պետութիւններ եւ ժողովուրդներ ու՝ ըլլալով շահագրգիռ կողմ, ներառեալ այն առաւելութիւնները, որոնք խաղաղութիւն եւ կայունութիւն կը բերեն Ռուսիոյ: Ըստ անոր՝ այս բոլորը կատաղի խանդ ու դառնութիւն կը պատճառեն Արեւմուտքին, որ Կովկասը կը նկատէր իր շահերու գօտի եւ, չկարենալով հասնիլ որեւէ յառաջընթացի խաղաղ կարգաւորման ճամբուն վրայ, քաոսի իրեր կը նախապատրաստէ:
Ան չբացառեց, որ անիկա պիտի դիտուի իբրեւ վրէժ Ռուսիոյ գործադրած խաղաղասիրական ջանքերուն: Զախարովա նշեց, որ այդ ջանքերը տուած են յստակ արդիւնքներ եւ նախանշած են երկարաժամկէտ փակուղիէն դուրս գալու ուղի մը:
«Լուծումները գտնուեցան, մենք պարզապէս պէտք է իրականացնէինք այն, որուն շուրջ պայմանաւորուած էինք», ըսաւ Զախարովա:
Ան ընդգծեց, որ այսօր անոնք, որոնք տարածաշրջանին այնպիսի առաջարկներ կը ներկայացնեն, ինչպէս՝ Փարիզ, եւ կը դիմեն այնպիսի գործողութիւններու, ինչպէս՝ Փարիզ, վատ խորհրդատուներ են, որոնք կը տանին դէպի աղէտ: Նոյն ատեն, ան վստահ է, որ Ֆրանսայի իշխանութիւնները անկէ ետք որեւէ պատասխանատուութիւն պիտի չկրեն, եւ պիտի տուժեն խաղաղ մարդիկը: